ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ՀՆՈՑ ԵՒ ՆՈՐՈՑ ՅԱՅՏԻՑ ԵՒ ԱՆՅԱՅՏԻՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

besktasԱմենայն սրբոց հնոց եւ հորոց, յայտից եւ անյայտից տօնը ուխտի օրն է Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ, 1 Նոյեմբեր 2014, Շաբաթ, Պէշիկթաշի մէջ հոգեւոր հանդիսութիւններ տեղի ունեցան, հանդիսապետութեամբ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Ներկայ էին քահանայից դասու անդամներ ու հաւատացեալներ։

Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. սարկաւագներ Արթուն Տամատեան եւ Արման Մարաշլեան, Բրկ. ուրարակիր դպիրներ Պարոյր Գույումճեան եւ Արտա Տիւշէն։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւորականներու եւ Ս. Նարեկացի Դպրաց Դասու անդամներու կողմէ, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրշ. Էտվին Յարութիւն Սրկ. Կալիպեանի։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը քարոզեց հանդիսադիր Հայր Սուրբը եւ անդրադարձաւ սրբութեան իմաստին։ Քրիստոնեաներ կոչուած էին քրիստոնավայել սուրբ կեանք ունենալու եւ Աստուծոյ հաճելի գործեր կատարելու։ Եկեղեցւոյ բոլոր հին եւ նոր, յայտնի եւ անյայտ սուրբերը այս պատգամը կը քարոզէին։

Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած սուրբերու մասունքներով կատարուեցաւ ջրօրհնէք։ Հաւատացեալներ աղօթեցին իրենց եւ մերձաւորներու բժշկութեան համար։

  • badarak besiktas
  • besiktas karoz