ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԽՏԱՑԵԱԼ ԲԱԺՆԷՆ ԵԼԱԾ

Kategori: Կարճ լուրեր

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, որ անցեալ շաբաթավերջին ջերմութեան բարձրացման եւ արեան ճնշման անակնկալ անկման պատճառներով բժշկական թելադրութեամբ փոխադրուած էր հիւանդանոցի խտացեալ դարմանման բաժինը, 5 Մարտ 2013, Երեքշաբթի վերստին փոխադրուեցաւ Հիւանդանոցի իր սենեակը։

Շաբթուան մը դարմանումը ունեցաւ իր դրական արդիւնքը եւ Նորին Ամենապատուութեան մօտ դիտարկուած անակնկալ խանգարումները տակաւ առ տակաւ նուազեցան։ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի բժշկական դասը կը շարունակէ դիտարկել մեր Հոգեւոր Պետին առողջական վիճակը։