ԱՄԵՆ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՏՕԼՄԱՊԱՂՉԷԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

128341300_1707998349360041_5242465872768287244_n

Թուրքիոյ Հայոց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հայրը 29 Նոյեմփբեր 2020, Կիրակի, յետ միջօրէի ժամը 16.00-ին Տօլմապաղչէի Հանրապետութեան Նախագահական Գրասենեակին մէջ կայացած ժողովի մը մասնակցեցաւ։ Ժողովը կայացաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Արդարութեան Նախարար՝ Մեծայարգ Ապտիւլհամիտ Կիւլի եւ Հանրապատութեան Նախագահութեան Բանբեր՝ Աւագ Դեսպան Մեծայարգ Իպրահիմ Քալընի հիւրասիրութեամբ։

Թուրքիա ապրող փոքրամասնական համայնքներու պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն մասնակցութամբ իրականացած այս ժողովը կը կրէր խորհրդակցական բնոյթ, որու ընթացքին օրակարգի եկան առկայ զանազան հարցեր։

Խորհրդակցութեան ընթացքին ընգծուեցաւ թէ՝ Թուրքիոյ մէջ առկայ են բազում հարցեր, նաեւ փոքրամասնական համայնքներ եւս ունին ներհամայնքային հարցեր եւ ժողովի մասնակիցները գոհունակութեամբ ընկալեցին այս հարցերու լուծման համար դրսեւորուած մերձեցումները։

128993327_1707998276026715_6968588919932952269_n

Փոքրամասնակական համայքներու պետերը համամիտ գտնուեցան թէ՝ Թուրքիոյ մէջ առկայ փոքրամասնական համայնքները հետաքրքրող հարցերու միջազգային քաղաքականութեան որպէս ատաղձ օգտագործելու ջանքերը անհանգստութիւն կը յառաջացնէին։ Ընդգծուեցաւ թէ՝ Թուրքիոյ մէջ այս հարցերը լսելու եւ լուծում որոնելու պատրաստ պետական կառոյց մը կար եւ հարցերու լուծման ուղղութեամբ քայլեր կ՚առնուէին։

Շինիչ եւ լուծում որոնելու վրայ կեդրոնացած ու յառաջ տարուած երկխօսութեան եւ խորհրդակցութեան սոյն ժողովը բոլոր հոգեւոր պետերու կողմէ ընկալուեցաւ իբրեւ դրսեւորում՝ ծայր աստիճանի դրական ու բարի կամեցողութեան կեցուածքի։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

 30 Նոյեմբեր 2020