ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ՄԱՅՏԱ ՍԱՐԻՍԻ ՆՈՐ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 6 Սեպտեմբեր 2005,Երեքշաբթի, ընդունեց արուեստագէտ եւ հրապակագիր ՄայտաՍարիսը, որ հեղինակն է Ակօս հրատարակչութեան կողմէ լոյսընծայուած «Սկիզբէն Մինչեւ Այսօր Հայ Նկարչութեան Արուեստը» արուեստագիտական հատորին (թրքերէն)։

Մայտա Սարիս Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց իր գրքիանգլերէն օրինակէն նմոյշ մը, որ կը կրէ «Armenian Painting From the Beginning to the Present» տիտղոսը։ Ամեն. Ս. ՊատրիարքՀայրը գնահատեց Մայտա Սարիսի աշխատութիւնը եւ մաղթեցնորանոր յաջողութիւններ։

«Armenian Painting From the Beginning to the Present» գրքին անգլերէնթարգմանութիւնը կատարած է Թայֆուն էօզուսլու, իսկխմբագրութիւնը՝ Էկէ Համալսարանէն Քէրըլ Սթիվընզ-Եիւրիւր։

Հատորը կը բաղկանայ «Նկարը Պատմական Հայաստանի մէջ», «Հայ մանրանկարչութեան արուեստ», «Համբաւաւոր ՀայՆկարիչներ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ», «Պոլսոյ Ցուցահանդէսները» նիւթերուն նուիրուած եօթը մայր գլուխներէ, կըպարունակէ  չորս հարիւր պաստառներու նկարները։ Գրքին մէջ տեղգտած են Օսմանեան եւ Հանրապետական շրջանի նկարիչներունառընթեր սփիւռքահայ արուեստագէտներ։