ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈԹԱՐՅԷՆՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԸ

Kategori: Աշխարհական

48Պէզճեան Մայր Վարժարանի 175-ամեակիտօնակատարութեանց ծիրէն ներս, 13-14 Յունիս 2005թուականներուն ծրագրուած է Արամ Խաչատուրեանինշանաւոր Գայիանէ Պալէի բեմադրութիւնը ԱթաթիւրքՄշակութային Կեդրոնին մէջ։ Սոյն ձեռնարկի իրականացմանհամար գործակցող Լեվենտ եւ Իշխանաց Կղզիներութաղամասերուն Ռոթարի ակումբներու վարչականները 30Մայիս Երկուշաբթի միջօրէին այցելեցին Պէզճեան ՄայրՎարժարանը, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցինեւ Հայոց Պատրիարքարանը։

Լեվենտի Ռոթարի Ակումբի նախագահ Քէմալ Տինչէր եւԿղզեաց Ռոթարի Ակումբի նախագահ Օննօ Այվազիառաջնորդութեամբ, հիւրերն այցելեցին Պէզճեան ՄայրՎարժարան եւ հետաքրքրուեցան վարժարանի բոլորբաժիններով եւ վարժարանի Տնօրէն Սինայիր Եըլտըզէստացան տեղեկութիւններ վարժարանի, ինչպէս նաեւընդհանրապէս համայնքի կրթական դրութեան մասին։Լեվենտի Ռոթարյէններու Ակումբի նախագահ Քէմալ Տինչէրիր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ իրենց համար պատիւ էրգործակցիլ հաստատութեան մը հետ, որ հիմնարկութեան 175-ամեակը կը տօնէր։ Արտայայտեց իր հիացումը վարժարանիննկատմամբ եւ շնորհաւորեց վարժարանի տնօրէնը։

Հիւրերը ցերեկուան ճաշն առին վարժարանին մէջ եւ յետոյայցելեցին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցին, ուր ԳրիգորՏէօշէմէճեան տեղեկութիւններ տուաւ եկեղեցւոյպատմութեան եւ կառոյցին մասին։

Ռոթարյէններն ապա այցելեցին Պատրիարքարանի համալիրըեւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրերուն տեղեկութիւններտուաւ Հայ Եկեղեցւոյ մասին ընդհանրապէս եւ Թուրքիոյ Հայհամայնքին մասին մասնաւորապէս։

Հիւրերը բաժնուեցան գոհ տպաւորութեամբ աւարտածըլլալով Գումգաբուի այցելութիւնները։