ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԹԵՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը՝ 16 Ապրիլ 2005 Շաբաթ կէսօրէ առաջ ընդունեց Անկլիքան Եկեղեցւոյ Երուսաղէմի Թեմի ներկայացուցիչները Գնալը Կղզիի Պատրիարքարանին մէջ։

Անկլիքան Եկեղեցւոյ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ գործիչներէն շուրջ 30 հոգինոց խումբ մը հոգեւոր նորոգութեան թեմայով ժողով մը գումարեց Պոլսոյ մէջ, 12-15 Ապրիլ թուականներուն միջեւ։ Իսկ 16 Ապրիլին, վեց հոգինոց պատուիրակութիւն մը քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Նորին Ամենապատուութեան, տեղեկութիւն տալու յիշեալ ժողովի արդիւնքներուն մասին եւ արտայայտելու իրենց հոգեկցութիւնը Թուրքիոյ Քրիստոնեայ եկեղեցիներուն։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ հիւրերուն տեղեկութիւն փոխանցեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ Թուրքիոյ հայ համայնքին մասին։

Շուրջ 45 վայրկեան տեւող ընդունելութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրն ու հիւրերը անցան կղզիի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, ուր կատարուեցան աղօթքներ եւ երգուեցան Ս. Յարութեան երգեր հայերէն, լատիներէն, անգլերէն եւ եբրայերէն լեզուներով։

Երուսաղէմի Անկլիքան թեմի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին Գերյ. Հայր Paul Lillie եւ թեմի  օժանդակ մարմնի վարիչ Nancy Dinsmore: