ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԻՇԽԱՆԱՑ ԿՂԶԻՆԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Աշխարհական

116Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 15 Յուլիս 2005, Ուրբաթ, ժամը 18.00-ին, ժամանեց ՄեծԿղզիի Անատոլու Ակումբի նաւամատոյցը, ուր ծաղկեփունջով մը դիմաւորուեցաւ ԿղզիներուԲարեկամներու Միութեան Բ. Ատենապետ եւ Փառատօնի Կարգադիր Յանձնախումբի անդամՅովսէփ Էօզաճարի, Ճումհուրիյէթ Հալք Կուսակցութեան Ստանպուլի շրջանայինպատգամաւորներէն եւ Թուրք Կանանց Միութեան Ատենապետուհի Պէկիւմ Եավուզի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ Կղզեաց Գաւառապետ Մէվլուտ Քուրպանի եւ ԿղզեացՔաղաքապետ Ճոշքուն Էօզտէնի հետ զրուցելէ ետք, մասնակցեցաւ փառատօնի բացմանընդունելութեան։ Կղզեաց Ռոթարի Ակումբի ներկայացուցիչները Նորին Ամենապատուութեաննուիրեցին Տքթ. Մուսա Ալպուքրէքի կողմէ պատրաստուած նկարներէն բաղկացեալ գիրք մը։Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ապա այցելեց Քանաթ Պայազըտի Անատօլու Ակումբի ցուցասրահինմէջ բացած իւղանկարներու ցուցահանդէսը։

Նորին Ամենապատուութիւնը զրուցեց բացման հանդիսութեան մասնակից մտաւորականներու,գրողներու, արուեստագէտներու, ակադեմականներու, զինուորականներու ու վարչայիններուհետ, որմէ յետոյ շնորհաւորեց բոլոր կազմակերպիչները ու Փառատօնի մասնակիցներունյաջողութիւն մաղթեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 20.00-ին վերադարձաւ Գումգաբը։ Փառատօնի բազման հանդիսութեան առիթով մեր Ամենապատիւ Տիրոջ ընկերացաւ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբղ. Անուշեան։

117