ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՆԻՍՏԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը՝ 13 Ապրիլ 2005 չորեքշաբթի ժամը 18.30-ին նախագահեց Պատրիարքական Աթոռի խորհրդականներու հերթական նիստին, որուն ատենապետեց Տիար Հրանդ Քալաթաշ։
Խորհրդակցութիւններ եւ գաղափարի փոխանակումներ կայացան ի մասին՝ թուրք եւ օտար մամլոյ սպասաւորներուն հարցազրոյց ունենալու դիմումներուն, գաւառի եկեղեցիներուն այսօրուան վիճակին, Թոփքափըի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի կապակցութեամբ եղած իրերայաջորդ հինգ ժողովներու արդիւնքին, Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան դատավարութեան այժմու հանգրուանին, Հայ Գրերու Գիւտին 1600-ամեակի հանդիսութեանց Կարգադիր Յանձնախումբի աշխատանքներուն, Ս.Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կատարելի անհրաժեշտ նորոգութեանց, Պատրիարքարանի ելեւմտից տեղեկագրի հրապարակման, Մեծ Եղեռնի 90-ամեակին, Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 544-ամեակի սիրոյ սեղանին, Երանաշնորհ Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Պատրիարք Բաղիշեցիի գահակալութեան 290-ամեակի նախաձեռնութիւններուն եւ ՈՒՆԵՍԿՈ-ի կողմէ Մարտին քաղաքի մէջ սարքելի տօնախմբութեան հայ համայնքի մասնակցութեան կարելիութիւններուն։
Խորհրդականները թելադրեցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս մայրաքաղաք Անգարայի մէջ պատկան նախարարներուն հետ տեսակցութիւն ունենայ, որպէսզի անգամ մը եւս դիմում ներկայացուի գաւառի եկեղեցիներու վաքըֆներուն նոր վարիչներ ընտրելու համար։
Խորհրդականներու հերթական նիստին ներկայ էին՝ Փրոֆ. Տքթ. Աւետիս Հաճընլեան, Տոց. Տքթ. Արուսեակ Եումուլ, Տքթ. Սօսի Անթիքաճեան, Իրաւագէտ Տկն. Լուիզ Պաքար, Տեարք՝ Գրիգոր Տէօշէմէճեան, Մուրատ Պէպիրօղլու, Մուրատ Պիլիր եւ Մուրատ Էօզքան։

<><  <><  <><  <><  <><  <><  <><  <>< <><  <><  <><
ԼՐԱԲԵՐ  13/04/2005
Հայոց Պատրիարքութեան Պարբերական Տեղեկատու
Ermeni Patrikligi, TR-34130 Kumkapi, Istanbul
Տնօրէն՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհն. Ուզունեան
Ա. Խմբագիր՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ.Քհն. Տամատեան
Բ. Խմբագիր՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան
Մամլոյ Բանբեր՝ Իրաւագէտ Տկն. Լուիզ Պաքար
Հեռ.։ (90 212) 517 0970
Հեռատիպ։ (90 212) 516 4833
Էլ-փոստ։ lraper@lraper.org կամ patriarchate@post.com
<><  <><  <><  <><  <><  <><  <><  <>< <><  <><  <><