ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

Kategori: Աշխարհական

115Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ.Տրդատ Քահանայ Ուզունեանի, 14 Յուլիս 2005, Հինգշաբթի ժամը19.00-ին մասնակցեցաւ Ֆրանսական Հիւպատոսարանի պարտէզին մէջ սարքուած ընդունելութեան։ Ֆրանսայի Ազգային Տօնին առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց Աւագ Հիւպատոս՝ Ժան-ՔրիստոֆՓոսէլը եւ ըրաւ բարեմաղթութիւններ։

Աւագ Հիւպատոս Փոսէլ նախ քան իր ֆրանսերէն եւ թրքերէն ուղերձնարտասանելը, ի յարգանս 7 Յուլիսին Լոնտոնի մէջ զոհուածներուն,ներկաները հրաւիրեց վայրկեան մը յարգանքի լռութիւն պահելու։ Իսկուղերձէն յետոյ ունկնդրուեցան Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ Ազգայինքայլերգները։

Շուրջ երեքհազար հրաւիրեալներու յաճախած ընդունելութեան ներկայգտնուեցան Նորին Ամենապատուութեան խորհրդականներէն Փրոֆ.Տքթ. Աւետիս Հաճընլեան եւ կողակիցը, Տոց. Տքթ. Արուս Եումուլ,Իրաւաբան Լուիզ Պաքար եւ Գրիգոր Տէօշէմէճեան, գեղարուեստիխորհրդական Ռաֆֆի Փորթաքալ եւ հայ համայնքէն այլհրաւիրեալներ։