ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ ՆՈՐ ԴԻՄՈՒՄ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԿԻՒՄԻՒՇԵԱՆ ԿՏԱԿԻՆ

Kategori: Աշխարհական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը՝ նոր պաշտօնագիր մը ուղղեց Թուրքիոյ Վարչապետ՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին ի մասին Յովհաննէս Կիւմիւշեան կտակին, որուն դատը կը շարունակուի Վճռաբեկ Ատեանի մօտ։

12 Ապրիլ 2005 թուակիր նամակին մէջ, Նորին Ամենապատուութիւնը կը յիշեցնէ որ Կիւմիւշեան Կտակը §վաքըֆ¦ի վերածուած է 25 Սեպտեմբեր 1904 թուականին՝ Երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի գահակալութեան շրջանին։ Համայնքային միակ վաքըֆն է, որ օրինաւոր կանոնագրութիւն (վաքֆիյէ) ունի, որուն համաձայն կտակի վարիչը կամ հոգաբարձուն՝ Նախարարաց Խորհուրդէն պաշտօնապէս ճանչցուած հայոց ազգընտիր Պատրիարքն է։

1936 թուին, Երանաշնորհ Մեսրոպ Ա Պատրիարք Նարոյեանի օրով, 2762 համար վաքըֆներու օրէնքին համաձայն, միւս վաքըֆներուն առընթեր, Կիւմիւշեան Կտակը եւս օրինաւորապէս վերահաստատուած է իբրեւ հայ փոքրամասնութեան վաքըֆ՝ օրուան Պատրիարքի պատասխանատուութեան ներքեւ։

Մինչեւ 1970, հայոց պատրիարքները սոյն վաքֆը կառավարած են աշխարհականներէ բաղկացեալ հոգաբարձուներու ձեռամբ, որոնք պատրիարքներուն կողմէ կը նշանակուին նոտարի միջոցաւ։ 1970-ին Վաքըֆներու Վարչութիւնը Կիւմիւշեան Կտակի վաքֆը գրաւած է, առարկելով որ հոգեւոր պետեր իրաւունք չունին վաքըֆներու վարիչ դառնալու։ Այնուհանդերձ Բարձրագոյն Ատեանը բեկանած է Վաքըֆներու Վարչութեան որոշումը անգամ մը եւս հաստատելով, որ վաքըֆներու մասին օրէնքին համաձայն՝ կարելի չէ հանգուցեալ բարերար Յովհաննէս Կիւմիւշեանի կարգադրութիւնն անտեսել։ Ան որոշած էր որ իր կտակը կառավարուի պատրիարքներուն կողմէ, մինչեւ 1970 այդպէս եղած է, ատկէ յետոյ ալ որեւէ անպատեհութիւն չկայ որ դադրի կիրառութիւնը։

Հակառակ Բարձրագոյն Ատեանի յստակացման, Վաքըֆներու Վարչութիւնը 2001 թուականէն ի վեր վերսկսած է պահանջել Հայոց Պատրիարքի հրաժարականը Կիւմիւշեան Կտակի վաքֆի վարչութենէն։ Իսկ Պատրիարքական Աթոռը կը պնդէ, որ պէտք է կիրարկուին Կտակի կանոնագրութեան տրամադրութիւնները, այնպէս ինչպէս կը տնօրինեն երկրին օրէնքները։ Արդէն իսկ պատրիարքը միայն կը հովանաւորէ վաքֆը, որուն վարչութիւնը վստահած է աշխարհական վարիչներու խումբի մը։

Կիւմիւշեան Կտակի վաքֆին ներկայ հոգաբարձուներն են՝ Տեարք Արման Շիրին, Մկրտիչ Արծիւեան եւ Յարութիւն Էպէօղլու։ Վաքըֆն ունի չորս եկամտաբեր կալուած, որոնցմէ գանձուած վարձքերը կը հասնին ամսական 3,500 Ն.Թ.Լ.ի, որ ամբողջութեամբ կը յատկացուի կրթաթոշակներու։ Հակառակ վաքֆի կանոնադրութեան, 1970-էն ի վեր կարելի չէ եղած սոյն վաքֆի անունին նոր կալուածներ արձանագրել։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Վարչապետ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին, Պետական Նախարար՝ Մէհմէտ Ալի Շահինին եւ Վաքըֆներու Վարչութեան Նախագահ՝ Եուսուֆ Պայազըտին ուղղած նամակներուն մէջ Եւրոմիութեան հետ համաձայնեցման աշխատանքներու լոյսին տակ առաջարկած է բարեացակամ լուծում մը գտնել Կիւմիւշեան վաքֆի հարցին եւ ըստ օրինաց՝ յարգել վաքֆի հիմնադիր հանգուցեալ Յովհաննէս Կիւմիւշեանի վերջին կտակն ու վաքֆին կանոնագրութեան տրամադրութիւնները։

<><  <><  <><  <><  <><  <><  <><  <>< <><  <><  <><
ԼՐԱԲԵՐ  12/04/2005
Հայոց Պատրիարքութեան Պարբերական Տեղեկատու
Ermeni Patrikligi, TR-34130 Kumkapi, Istanbul
Տնօրէն՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհն. Ուզունեան
Ա. Խմբագիր՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ.Քհն. Տամատեան
Բ. Խմբագիր՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան
Մամլոյ Բանբեր՝ Իրաւագէտ Տկն. Լուիզ Պաքար
Հեռ.։ (90 212) 517 0970
Հեռատիպ։ (90 212) 516 4833
Էլ-փոստ։ lraper@lraper.org կամ patriarchate@post.com
<><  <><  <><  <><  <><  <><  <><  <>< <><  <><  <><