ԱՄԵՆ.Ս.ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓՐՈՖ. ՏՔԹ. ԲԱԲԳԷՆ ԱՐԱՐՔՑԵԱՆԸ

Kategori: Աշխարհական

101Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի առաջին նախագահ՝ Փրոֆ. Տքթ. Բաբգէն Արարքցեան 1 Յուլիս 2005 Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 05.00-ին Պոլիս ժամանեց Երեւան-Պոլիս չուերթով։ Տքթ. Արարքցեանին կ՚ուղեկցեն իր կողակիցը՝ Կարինէ Արարքցեան, իր որդին ու դուստրը, եւ փարիզահայ համայնքի երեւելի դէմքերէն Կարպիս Ջրպաշեան եւ կողակիցը։

Հիւրերը նոյն օրը ժամը 16.00-ին այցելեցին Ազգային Պատրիարքարան եւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ ընդունուեցան իր գրասենեակին մէջ։

Տքթ. Արարքցեան, որ 1995-ին, Երանաշնորհ Գարեգին Բ. Պատրիարքի աթոռակալութեան շրջանին եւս պաշտօնական գործով Պոլիս գտնուած ու Պատրիարքարան այցելած էր, ըսաւ որ այս անգամ Թուրքիա եկած է իր նախահայրերու հայրենիքը՝ Վան քաղաքը եւ շրջակայքը շրջելու նպատակով։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը §Բարի գալուստ¦ ի խօսքով ողջունեց Տքթ. Արարքցեանը, իր ընտանիքի անդամներն ու բարեկամները, եւ բարի կեցութիւն մաղթեց իրենց Թուրքիոյ մէջ իրենց անցընելիք օրերու ընթացքին։

Աւանդական պատուասիրութեան ընթացքին… պատասխանելով հիւրերու հարցումներուն, Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ գործողՀայ Առաքելական եկեղեցիներուն, հայ վարժարաններուն, միութիւններուն եւ միւս հաստատութիւններուն, Թուրքիա-Հայաստան փոխ-յարաբերութիւններուն, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան եւ այլ հետաքրքրական նիւթերուն։

102Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւող այցելութեան աւարտին, պատուոյ տոմարը ստորագրելէ ետք, հիւրերը Պատրիարք Հօրմէ հրաժեշտ առին եւ մեկնեցան դէպի Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց։