ԱՄՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՑ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

abd siyasi isler mustesariԱՄՆի Դեսպանատան Քաղաքական Գործոց Խորհրդական Ժասթին Ֆրիտմըն, ընկերակցութեամբ ԱՄՆի աւագ հիւպատոս Չարլս Ֆ. Հունթէրի, 28 Մայիս 2015, Հինգշաբթի, ժամը 10.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Ֆրտմըն փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ եւ գաղափարի փոխանցում ունենալ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց ու տեղեկութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Հայութեան, համայնքային կառոյցին ու այժմու վիճակին մասին։