ԱՄՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական
15493324_679846555508564_6642439231975817769_oԱՄՆի նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ճէննիֆէր Տէյվիս, 12 Դեկտեմբեր 2016, Երկուշաբթի, ժամը 13.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։
Մեծայարգ հիւրը, որ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, փափաքած էր ծանօթանալ Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։
 
Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի, Հայ համայնքի մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։ Այցելութեան աւարտին, Տէյվիսի խորհրդականը, դաշնակով հրամցուց կարճ երաժշտութիւն մը եւ արժանացաւ ներկաներու բարձր գնահատութեան։
15392748_679846518841901_95284336948768853_o