ԱՄՆԻ ՆՈՐ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

abdԱՄՆի նորանշանակ աւագ հիւպատոս Չարլս Ֆ. Հանթըր, 2 Հոկտեմբեր 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 13.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Աւագ Հիւպատոս Հունթէր յայտնեց որ այս անդրանիկ այցելութեամբ եկած է ծանօթանալու Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոն՝ Պատրիարքական Աթոռին եւ առ հասարակ հայ համայնքին հետ։

Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց ու տեղեկութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Հայութեան անցեալին, համայնքային կառոյցին ու այժմու վիճակին մասին։ Ան, յաջողութիւն մաղթեց նոր աւագ հիւպատոսին նոր պաշտօնին մէջ։