ԱՄՆ-Ի ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

abd buyukelciԱՄՆի նորանշանակ դեսպանը Ճօն Պէսս, 23 Դեկտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Դեսպան Պէսս յայտնեց որ այս անդրանիկ այցելութեամբ եկած է ծանօթանալու Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոն՝ Պատրիարքական Աթոռին եւ առ հասարակ հայ համայնքին հետ։

Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց ու տեղեկութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Հայութեան անցեալին, համայնքային կառոյցին ու այժմու վիճակին մասին։ Ան, յաջողութիւն մաղթեց նոր աւագ հիւպատոսին նոր պաշտօնին մէջ։

Մեծայարգ հիւրը եւ իր ընկերակիցները, աւելի յետոյ Նորին Սրբազնութեան կողմէ առաջնորդուեցան Աթոռանիստ Մայր Տաճար, ուր հիւրերուն եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցաւ։ Դեսպան Պէսս շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար եւ հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։