ԱՄՆ-ՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ

Kategori: Աշխարհական

ABD buyukelciԱ.Մ.Ն.ի Դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէն, 02 Յուլիս 2014, Չորեքշաբթի միջօրէին այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Տեսակցութեան ներկայ եղաւ նաեւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Մեծայարգ դեսպանը, աւարտելով իր Անգարայի պաշտօնավարութեան շրջանը, փափաքած էր հրաժեշտի այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։  Նորին Սրբազնութիւնը, յաջողութիւն մաղթեց մեծայարգ հիւպատոսին, իր յետագայի պաշտօններուն մէջ։