ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒԷՆ

Kategori: Աշխարհական

12096470_498921986934356_2619218596416873717_nԿէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ գործող Հրանդ Տինք անուան դպրոցի պատասխանատու Արեքնազ Աւագեան, օգնականը՝ Դաւիթ Խաչատուրեան եւ աշխատութեանց նիւթապէս ու բարոյապէս սատարող Թալին Հօրոզօղլու, 6 Հոկտեմբեր 2015, Երեքշաբթի, Ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը, Նորին Սրբազնութեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ սոյն դպրոցին նեցուկ կը կանգնէր եւ կը բերէր իր օժանդակութիւնը։ Հիւրերը, տեղեկութիւններ տուին իրենց տարեկան եկամուտին մասին եւ պատմեցին իրենց նեղութիւնները։ Յայտնի կը դառնար թէ՝ իրենց առաջին եւ կարեւոր նեղութիւնն է ընդարձակ սենեակներու չգոյութիւնը,172 աշակերտներուն հանգիստ ուսում ջամբելու համար։ Իսկ երկրորդ հարցը նիւթականի մասին էր։ Իրենց եկամուտէն դուրս, տակաւին շուրջ 100.000$-ի բաց մը գոյութիւն ունէին։

Նորին Սրբազնութիւնը, իր ստացած ընդարձակ տեղեկութիւններէ ետք խոստացաւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար ըլլալ՝ հարցերու լուծման համար։

Հիւրերը իրենց ուրախութիւնը, գոհութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելով հրաժեշտ առին Սրբազան Հօրմէ։