ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Kategori: Համայնքային

tbrevankՍ. Խաչ Դպրեվանքի պաշտօնական «վագըֆ»ի կարգավիճակ ստանալէ յետոյ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, 8 Մայիս 2013, Չորեքշաբթի, միջօրէին իր անդրանիկ այցելութիւնը շնորհեց Ս. Խաչ Դպրեվանք, ուր հանդիպում ունեցաւ վարիչներու, ուսուցչական կազմի եւ աշակերտութեան հետ։

Նորին Սրբազնութիւնը, վարժարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճանի եւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Սարուխանեանի կողմէ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ հիմնադրի ներկայացուցիչ Վարուժան Պուլկան։ Նորին Սրբազնութիւնը հիւրընկալուեցաւ վարժարանի տեսչարանին մէջ, ուր յայտնեց թէ Ս. Խաչ Դպրեվանքի ընտանիքի ներկայացուցիչները Պատրիարքարան իրենց այցելութեան ընթացքին  փափաք յայտնած էին մերթ ընթ մերթ վայելել իր ներկայութիւնը վարժարանի երդիքին տակ։ Նորին Սրբազնութեան զրուցակիցները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին վարժարանի երդիկին տակ վայելած ըլլալով բարձրաստիճան հոգեւորականի մը ներկայութիւնը։ Տեղեկութիւններ տուին դպրոցի ուսումնական վիճակին, նաեւ մշակուած նոր ծրագիրներու մասին, ընդգծելով թէ վարժարանը կը գտնուէր 60-ամեակի սեմին:

Նորին Սրբազնութիւնը ապա առաջնորդուեցաւ, վարժարանի սեղանատունը, ուր ճաշեց եւ առիթ ունեցաւ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հետ զրուցելու։ Ան, հայրական խրատներ տուաւ աշակերտներուն ու խրախուսեց զիրենք։ Սրբազան Հայրը յիշեցուց որ ներկայ սաները կը գտնուէին, կրթութիւն եւ ուսում ջամբող օճախի մը մէջ, որ այսօր հասած էր լաւ մակարդակի մը շնորհիւ վարժարանի վարչութեան եւ ուսուցչական կազմին։ Մաղթեց որ, վարժարանը պահէ իր բարձր դիրքը ու միշտ յառաջդիմէ։ Նորին Սրբազնութիւնը, հրաժեշտ առնելէ առաջ, կրկին գնահատեց վարիչները, տնօրէնը, ուսուցիչներն ու աշակերտները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։