ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

241Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը՝ 20 Օգոստոս 2005, Շաբաթ ժամը 17.00-ին, ուղեկցութեամբ գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Տամատեանի, Բերնդ Մուսսինկհօֆի եւ Ճէյսի Մանթուրութիլի, ժամանեց Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան Աթոռանիստ Սրբոց Սահակ-Մեսրոպ Եկեղեցին եւ դիմաւորուեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի եւ Թեմական Խորհուրդի անդամներուն կողմէ։

Այնուհետեւ Նորին Ամենապատուութիւնը մասնակցեցաւԿիրակամուտքի ժամերգութեան ի ներկայութեան Գերաշնորհ Սրբազան Առաջնորդին, Հոգշ. Հ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեանի, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, Բրշ. Սայաթ Սրկ. Պոյաճեանի, Բրշ. Պետրոս Սրկ. Կարինեանի, Բրշ. Մերուժան Սրկ. Սէտէֆեանի, եկեղեցւոյ Դպրաց Դասուն եւ տաճարն ամբողջութեամբ լեցնող հաւատացեալ ժողովուրդին։

Վերջին օրհնութենէն առաջ բարի գալուստի ուղերձով հանդէս եկաւ Գերաշնորհ Սրբազան Առաջնորդը եւ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեց իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցելու հաւատացեալ ժողովուրդին։

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Առաջնորդի ազնիւ խօսքերուն համար եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ անգամ մը եւս առիթ կ՚ունենայ մէկտեղուելու Գերմանիա բնակող մեր Եկեղեցւոյ զաւակներուն հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա խօսեցաւ Քէօլնի մէջ կազմակերպուած Երիտասարդներու Օրուան ձեռնարկներէն քաղելի հոգեւոր դասերուն մասին։ Դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը հոգեւոր արժէքները նոր սերունդներու փոխանցելու միակ կերպն է։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ Առաքեալները ամէն անգամ երբ Ս. Պատարագ կը մատուցէին անպայման կը խօսէին Տիրոջ Չարչարանաց, Խաչելութեան եւ Մահուան խորհուրդին մասին (Ա. Կորն. ԺԱ.26)։ Այսօր եւս, Եկեղեցիին առաջնահերթ առաքելութիւնն է մեր լոյս հաւատքը նոր սերունդներուն փոխանցելու պարտականութիւնը։
Յաւարտ ժամերգութեան, Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբազան Առաջնորդին պաշտօնարանին մէջ սուրճով պատուասիրուեցաւ Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տքթ. Սարգիս Քէհեաեանի եւ ընկերներուն կողմէ, ստորագրելով միաժամանակ Առաջնորդարանի պատուոյ տոմարը։

242

Հուսկ, Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպիսկ. Պէքճեան, Թեմական Խորհուրդը եւ Քէօլնի Ծխական Խորհուրդը Նորին Ամենապատուութեան ի պատիւ ընթրիք մը սարքեցին Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Ելոյթներ ունեցան Տքթ. Սարգիս Քէհեաեան, Հոգշ. Հ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Շնորհակալութեան խօսք առաւ Պատրիարք Հայրը։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Սրբազան Առաջնորդը մի առ մի ծանօթացնելով թեմական կեանքի բոլոր ներկայ վարիչները։ Հուսկ, Պատրիարք Հայրը հրապարակաւ պատասխանեց ներկաներու զանազան հարցումներուն։

243