ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Kategori: Աշխարհական

sisli belediye baskaniՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, 29 Մայիս 2014, Հինգշաբթի, Համբարձման Տօնին, ժամը 11.00-ին այցելութիւն տուաւ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւին։ Հանդիպման ներկայ էին Շիշլիի Քաղաքապետի օգնական Վազգէն Պարըն, Յարութիւն Էրկիւնէշ եւ Սայաթ Տէլիճէ։

Նորին Սրբազնութիւնը Հայրի Ինէօնիւն շնորհաւորեց Շիշլիի Քաղաքապետութեան ընտրութեան առթիւ եւ անդրադարձաւ Քաղաքապետութեան նախապէս տարած աշխատանքներուն։ Մաղթեց որ նոր շրջանին եւս, շարունակուին Քաղաքապետութեան սոյն աշխատանքները։ Զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ տրուեցան նաեւ Հայ համայնքի հետ առընչուած նիւթերու մասին։ Հայրի Ինէօնիւ իր ուրախութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար։ Յիշեցուց, որ ինք պատրաստ էր իր կարելին ի գործ դնելու նաեւ յօգուտ Հայ համայնքին։

Այցելութեան աւարտին, Նորին Սրբազնութիւնը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար, եւ յաջողութիւն մաղթեց Հայրի Ինէօնիւն։