ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՖԱԹԻՀԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Kategori: Uncategorized

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, 17 Ապրիլ 2019, Աւագ Չորեքշաբթի, ժամը՝ 14.00-ին, Իր հետն ունենալով Ֆաթիհի շրջանին մէջ գործող եօթը Եկեղեցիներու Թաղային Խորհուրդներու Ատենապետները շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Ֆաթիհի նորընտիր Քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանի։

FATIH BELEDIYE BSK 2019

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ փոխանցեց իրենց բարեմաղթութիւնները։ Ան յաջողութիւն մաղթեց յարգելի քաղաքապետին իր կարեւոր պարտականութեան մէջ։ Սիրալիր ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք անոնք մեկնեցան քաղաքապետարանէն։