ԱՇՈՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

Ashod KrirkorՀայաստանի Ճարտարապետութեան Ազգային Թանգարանի Տնօրէն Աշոտ Գրիգորեան, ընկերակցութեամբ ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան անդամներէն Նազարէթ Պինաթլըի, 4 Փետրուար 2015, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Աշոտ Գրիգորեան, Ստանպուլի մէջ իր կեցութեան օրերուն, փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։ Ան հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբազնութեան հետ եւ իրմէ ստացաւ հակիրճ տեղեկութիւններ։