ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

15037252_661656930660860_8204401301534559089_nՀայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէն Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ կողակիցը՝ Լուսինէ Մելքոնեան, 7 Նոյեմբեր 2016, Երկուշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան քաղաքս կը գտնուէր, մասնակցելու համար Արմաւենի Միրօղլուի «Պոլսահայերը (1923-1939)» գիրքի շնորհանդէսին։ Հիւրերը, իրենց կեցութեան օրերուն, առիթէն օգտագործուելով փափաքած էին նաեւ այէլել Հայոց Պատրիարքարանը։ Անոնք հակիրճ տեղեկութիւններ ստացան Պոլսահայ կեանքի մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ հիւրընկալութեան համար։