ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

12094924_501084880051400_3243058840986191815_oՍտանպուլի Ապահովութեան Տնօրէնի Օգնական՝ Ճէնկիզ Տէմիրճան, Ֆաթիհի Ապատովութեան Տնօրէն՝ Հաքան Եըլմազ եւ Մուհիտտին Եէթիշ, 14 Հոկտեմբեր 2015, Չորեքշաբթի, ժամը 10.30-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, վերջին օրերուն Պատրիարքարանի շուրջ տեղի ունեցած եւ մամլոյ մէջ եւս արձագանգ գտած դէպքերու մասին տեղեկութիւն ստացան։ Անոնք, հետաքրքրուեցան նաեւ Ֆաթիհի շրջակայից համայնքային հաստատութիւններու ապահովութեամբ։ Ի մասնաւորի, Գումգաբուի մէջի անհանգստութեանց մասին տեղեկութիւն ստացան։ Անոնք, յիշեալ շրջաններու մէջ, արդէն իսկ կ՚աշխատէին ապահովութիւնը հաստատելու համար։ Յայտնեցին թէ աւելի զգուշաւոր եւ լուրջ պիտի հետեւին հարցերուն ու գանգատներուն։ Պաշտօնեաները շեշտեցին, թէ քաղաքացիներ, դէպքերու մասին իրենց գանգատները հանգստութեամբ կրնան հաղորդել պաշտօնական մարմիններուն։

Արամ Արքեպս., քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց այցելու պաշտօնեաներուն։ Ինք եւս հաւաստիացուց թէ, կապի մէջ պիտի մնայ իրենց հետ։ Հարկաւոր պարագաներուն տեղեակ պիտի պահէ պաշտօնական մարմինները։ Յաջողութիւն մաղթեց նաեւ իրենց պաշտօնին մէջ։