ԱՍՈՐԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Միջեկեղեցական

Suryani AlmanyaԳերմանիայէն Ասորի ուսուցիչներէ բաղկացեալ խումբ մը, առաջնորդութեան՝ Ասորի քահանաներ Տ. Տ. Իսա Աճարի եւ Եուսուֆ Հարմանի, 2 Հոկտեմբեր 2014, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։

Խումբի անդամները Գերմանիոյ զանազան վարժարաններու մէջ կը դասաւանդէին կրօնքը դասեր։ Անոնք, քաղաքս եկած էին, այցելելու համար Ասորւոց Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտին, ինչպէս նաեւ այլ աղօթատեղիներ եւ հաստատութիւններ։ Այս առումով, անոնք փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։

Այցելուները, Սրբազան Հօր կողմէ տեղեկութիւներ ստանալէ յետոյ, հարցումներ հարցուցին Պատրիարքական Աթոռոյս եւ Հայ համայնքի մասին։ Անոնք, երգեցին նաեւ Ասորենէն շարականներ։ Աւելի յետոյ այցելեցին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարը, ուր խումբի առաջնորդ քահանայ հայրերու առաջնորդութեամբ կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։