ԱՏԸԵԱՄԱՆՑԻ ՀԻՆԳ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՊՈԼԻՍ ԺԱՄԱՆԱԾ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

adiyamanՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան 4 Օգոստոս 2014ին Ատըեաման մեկնած եւ առիթը ունեցած էր Ատըեամանի Հայ համայնքի անդամներու հետ մէկտեղուելու։ Եօթը աշակերտներու ընտանիքներ, այս առթիւ փափաք յայտնած էին իրենց զաւակները ուղարկել համայնքային վարժարանները։ Գալֆաեան Տան խնամակալներէն Տիկին Տիանա Քամբարոսեան վերջերս մեկնելով Ատըեաման, իր հետ բերած է եօթը աշակերտներէն հինգը։