ԱՐԱԲԿԻՐՑԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

Arapgir

Արաբկիրցի խումբ մը համայնքայիններ, առաջնորդութեամբ Օննիկ Նալպանտղազարի, 9 Ապրիլ 2015, Հինգշաբթի, ժամը 10.30-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Արաբկիրցիներ, անցեալ տարիներուն ուխտագնացութեամբ այցելած էին իրենց ծննդավայրը, որուն գերեզմանատան մէջ կատարուած էր հոգեհանգստեան պաշտօն, հանգուցեալ Արաբկիրցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Այցելուները, յայտնեցին թէ այս տարի եւս կը ծրագրեն նման կազմակերհպութեամբ մը այցելել Արաբկիր։ Սրբազան Հօր խնդրանք ներկայացուցին թէ կը փափաքին հոգեւորականի մը առաջնորդութեամբ,  Սեպտեմբեր ամսուան մէջ կատարել ուխտագնացութիւնը։ Այցելուները տեղեկութիւններ տուին նաեւ իրենց աշխատութեանց մասին։ Անոնք մասնաւորաբար ջանք թափած էին, որպէսզի քաղաքի Հայոց Գերեզմանատունը բարեզարդուէր։ Այսպէս, գերեզմանատան մէջի աւելի քան 30 դամբարանները նորոգուած էին։ Ներկայիս Գերեզմանատունը ներկայանալի վիճակի մը տիրացած էր։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց սոյն աշխատանքները։ Մաղթեց որ խումբը յաջողութեամբ կատարէ այս տարուան ուխտագնացութիւնը։ Սրբազան Հայրը, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ապագայ գործունէութեանց մէջ։