ԱՐԱՄԵԱՆ ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

13433064_590259621133925_2980015079456342900_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, 13 Յունիս 2016, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գատըգիւղի Արամեան Ունճեան Վարժարանի ընթացաւարտ աշակերտներն ու իրենց ծնողները, առաջնորդութեամբ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի եւ Թաղի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։

Հայր Սուրբը, յայտնեց թէ՝ եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը, վարժարանի եւ ծնողներու համագործակցութեամբ թաղին մէջ կը հաստատէր աւանդութիւն մը. Վարժարանի ընթացաւարտ աշակերտներուն եւ ծնողներուն հետ այցելել Պատրիարքարան, իրենց ծանօթացնել Համայնքի Հոգեւոր Կեդրոնը, ինչէս նաեւ ուսման նոր հանգրուանէ առաջ օրհնութիւնը խնդրել եկեղեցւոյ։ Ապա, աշակերտներ մի առ մի ծանօթացուցին զիրենք։ Նորին Սրբազնութիւնը գնահատեց սոյն նախաձեռնութիւնը եւ ողջունեց աշակերտներու եւ ծնողներու ներկայութիւնը։ Այնուհետեւ, գնահատանք յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները առաջնորդած էին համայնքային վարժարան, որպէսզի ստանան հայեցի դաստիարակութիւն։ Աշակերտներուն յաջողութիւն մաղթեց իրենց ուսման նոր կեանքին մէջ։

Այցելութեան աւարտին Սրբազան Հայրը աշակերտներուն առ ի յիշատակ, Պատրիարքական Աթոռոյ հրատարակութիւններէն նմոյշներ եւ խաչեր նուիրեց։ Այցելուներ, ապա, Յարութիւն Աբղ.ի առաջնորդութեամբ շրջեցան Պատրիարքարանի շէնքը եւ ստացան հակիրճ տեղեկութիւններ։