ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԿՈՂՄԷ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

aram kamburyan,Պատկառելի Կրօնական Ժողովի որոշումով եւ Պատրիարքական Ընդհ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի կողմէ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան արծաթեայ շքանշանով պատուուեցաւ համայնքիս “կրթասէր, մշակութասէր, գրասէր, բարեսէր ու եկեղեցասէր” դէմքերէն՝ Արամ Գամպուրեան։

13 Յունուար 2013, Կիրակի առաւօտ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, ի ժամ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ շնորհաբաշխութիւնը։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, քարոզեց հանդիսադիր Սրբազան Հայրը ու մեկնեց օրուան խորհուրդը։ Ապա ծանրանալով բարերարութեան գաղափարին վրայ, շեշտեց քրիստոնէութեան վարդապետութեան մէջ բարերարութիւնն ու անոր ձեւը եւ ըսաւ թէ այդպիսի անձայն-անշշուկ բարերարներէն է Արամ Գամպուրեանը։ Ան, իր բարերարութեան առընթեր ունի նաեւ այլ երեսակներ, ինչպէս համայնքային գործիչ, մտաւորական եւ այլն, որոնք կատարեց ու կը կատարէ երկար տարիներէ ի վեր։

Նորին Սրբազնութիւնը ըսաւ որ գնահատելով իր կատարած գործը, Պատկառելի Կրօնական Ժողովը յարմար դատած է մեծարեալը պատուել Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան արծաթեայ շքանշանով։

Ապա Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան կարդաց օրհնութեան գիրը.

ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
ԱՌ
ՏԻԱՐ ԱՐԱՄԱՅ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ
ԲԱԶՄԱՄԵԱՅ ԱՏԵՆԱԴՊՐԻՆ ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Համայնքային վարիչներու համար բարեբախտ երեւոյթ է վայելել ազնիւ ազգայիններու աջակցութիւնը, որոնք կը մարմնաւորեն կրթասէր, մշակութասէր, գրասէր, բարեսէր ու մանաւանդ եկեղեցասէր ու հաւատացեալ անձի մը տիպարը։

Մեզի համար յիրաւի հոգեւոր ուրախութեան առիթ է տեսնել Ձեր ազնիւ անձնաւորութիւնը, մեր համայնքային կեանքին բերած իր կարեւոր ներդրումով, բան մը որ արդիւնքն է Աստուածապարգեւ ձեր շնորհներուն։ Դուք ծնաք Պրուսացի Գրիգոր Գամպուրեան եւ Կիւլիւկ Կուրտիկեան ամոլի երդիքին տակ, 15 Յունուար 1926ին։ Ընտանեկան յարկին տակ ձեր ստացած տոհմիկ դաստիարակութիւնը, արմատացած է Լուսաւորչեան, Նոր Դպրոց-Հինդլեան եւ Վիեննական Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ նուիրեալ կրթական մշակներու շունչով։ Իբրեւ ասպարէզ ընտրած էք շինութեան ճարտարագիտութեան ճիւղը, շրջանաւարտ ըլլալով Ստանպուլի Թէքնիք համալսարանի շինութեան ճարտարագիտութեան բաժնէն։

Դուք կազմած էք օրինակելի ընտանիք մը, իբրեւ կեանքի ընկեր ունենալով Ձեզի գաղափարակից եւ իր ժողովուրդին արմատներուն հաւատարիմ,  եկեղեցասէր, բարեպաշտ եւ ազգասէր անձնաւորութիւն մը, յանձին Տիկին Շաքէ Տիոնեանի, որուն անժամանակ կորուստին առթած ցաւը կը կրէք հաւատքի զօրութեամբ։

Ձեր համայնքային գործունէութիւնները կը բնութագրուին կրթական, վարչական, գրական եւ բարեսիրական երեսակներով։ Իբրեւ կրթական մշակ 1961-1978 տարեշրջաններուն պաշտօնավարած էք Էսաեան Լիկէոնի մէջ, աւանդելով երկրաչափութիւն: Ձեր վարչական կարողութիւնը ի սպաս դրած էք ի շարս Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի Վարչութեան անդամոց, երեսունեւութ տարի ծառայելով որպէս ատենադպիր։ Որպէս գրչի մշակ ծառայած էք Հայ գիրին ու գրականութեան, աշխատակցելով «Մարմարա» օրաթերթին։ Ձեր ճանապարհորդագրութիւնները ընթերցողը կ՚առնեն ու կը տանին օտար ափեր, օտար երկիրներ, քաղաքակրթութեան օրրաններ, սրբատեղիներ, ուխտավայրեր զորս դուք կը նկարագրէք ամենայն բծախնդրութեամբ։ Նաեւ թարգմանածոյ գրականութեամբ ընթերցողը հաղորդ կը դարձնէք օտար գրչի մշակներու վաստակին։ Ձեր յօդուածները համախմբուած են հատորներու մէջ, իրենց տեղը գտնելով ընթերցասէր հասարակութեան գրադարաններուն մէջ։ Դուք նաեւ եղած էք բարերար անձնաւորութիւն մը։ Անցեալին ստանձնեցիք Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի երդիքին տակ հաշմանդամ տղոց օգտին համար արդիական սարքերով լողաւազանի մը մեծածախս շինութեան, ինչպէս նաեւ սենեակի մը վերանորոգութեան բարերարութիւնը։ Ձեր անշարժ կալուածները նուիրեցիք Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկին, Կեդրոնական Ազգային Վարժարանին, Ֆէրիգիւղի Մերամէթճեան Վարժարանին եւ Ս. Խաչ Դպրեվանքին։ Դուք, Ձեր ազգանուէր ծառայութեամբ, ըստ Քրիստոսի Խօսքին «երկնքի մէջ ձեզի համար չմաշող քսակներ ու անհատնում գանձեր պատրաստած էք, որոնց ոչ գողը կը մօտենայ եւ ոչ ալ ցեցը կը փճացնէ» (Ղուկաս, 12.33)։

Ուստի Մենք սոյն օրհնութեան գիրով կը գնահատենք Ձեր բազմամեայ ծառայութիւնը մեր համայնքի կեանքէն ներս որպէս ուսուցիչ, վարիչ, գրչի մշակ եւ հուսկ՝ բարերար, Ձեզի կը շնորհենք ՄԱՂԱՔԻԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՕՐՄԱՆԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԱՐԾԱԹԵԱՅ ՇՔԱՆՇԱՆԸ կցելով անոր Մեր աղօթքները, որ Բարձրեալն Աստուած Ձեզի պարգեւէ քաջառողջ եւ երկար կեանք, որպէսզի առիթն ունենաք Ձեր ծառայութիւնը շարունակել մերազն հաւատացեալ ժողովուրդին։

Որ վարձահատոյցն է հաւատարիմ պաշտօնէից եւ սիրողացն եկեղեցւոյ Իւրոյ սրբոյ, Երկնաւոր Քահանայապետն մեր Յիսուս Քրիստոս, լցուսցէ զձեզ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ արժանի արասցէ զձեզ երկնաւոր պարգեւացն անապականութեան։

Ողջ լեր ի խնամս Տեառն, զօրացեալ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ։ Ամէն։

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ

Տուաւ օրհնութեան գիրս ի Պատրիարքարանիս
ի դուռն Աթոռանիստ Մայր Տաճարիս Սրբուհւոյ Աստուածածնի
Որ ի Գումգաբու, Ստանպուլ
ի 11ն Յունուարի, յամի Տեառն 2013 եւ
ի թուին Հայոց ՌՆԿԲ։

kamburyanԸնդերցումէն յետոյ, հանդիսադիր Սրբազան Հայրը մեծարեալին վիզէն կախեց շքանշանն ու լամբակին տետեղեց կրծքանշանը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ սարգուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին ներկաներ շնորհաւորեցին Արամ Գամպուրեանը։