ԱՐԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՈՒՐՖԱ

Kategori: Աշխարհական

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, 7 Յուլիս, Երեքշաբթի, ժամը 06.30-ին օդային ճամբով կը մեկնի Ուրֆա։

Սուրուչի ԱՖԱՏ (Աղէտի եւ անակնկալ դէպքերու կեդրոնի) վրանակերտ բնակավայրին մէջ, կը գտնուին բազմաթիւ ապաստանեալներ, որոնք ԸՇԻՏ ահաբեկչական խումբի յարձակումէն յետոյ Քօպանիէն փախուստ տալով Թուրքիա ապաստանած էին։ Այստեղ կը գտնուին նաեւ երեք Հայ ընտանիքներ, որոնցմէ միոյն ամուսինը դէպքերու ընթացքին մահացած եւ չորս զաւակով  հազիւ եկած էր Ուրֆա։ Սոյն այցելութեամբ, Սրբազան Հայրն ու Տէր Հայրը, պիտի տեսակցին սոյն ընտանիքներու հետ։ Նոյն օրը, ժամը 15.30-ին քաղաքավարական այցելութիւն պիտի տրուի նաեւ Ուրֆայի կուսակալ Իզզէթթին Քիւչիւքին։ Նորին Սրբազնութիւնն ու Տէր Հայրը, ժամը 19.00-ին պիտի վերադառնան քաղաքս։