ԱՐԺ. Տ. ՇԱՀԷՆ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Kategori: Եկեղեցական

avedaranԱրժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, յետ ձեռնադրութեան ապաշխարութեան շրջանը բոլորելով, 28 Փետրուար 2014, Ուրբաթ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցանեց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։

Արարողութեանց հանդիսապետեց Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեանց ներկայ եղան նաեւ Հոգշ. Տ. Զատիկ Արբ. Պապիկեան եւ քահանայ հայրեր։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Բրշ. Սարկաւագներ՝ Ռոպէր Ք. Աքպուլութ, Արթուն Տամատեան,Արման Պուլտուքեան եւ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպրաց կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Յովհաննէս Ուր. Դպ. Պաթարի։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Թաթուլ Ծ. Վրդ. հաւատացեալներուն ներկայացուց նորընծայ Տ. Շահէն Քահանան եւ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Տէր Հայրը, Աստուծոյ կանչին հետեւելով տարիներ առաջ որոշեց հոգեւորական դառնալ։ Տարիներու ընթացքին, եկեղեցւոյ ծառայութեան տենչանքով լեցուն սպասաւոր մը կերտուեցաւ եւ քահանայական ձեռնադրութեամբ անուանեցաւ՝ Տէր Շահէն։ Իր խոնարհութեամբ, համեստութեամբ, հաւատքով շատերուն օրինակ կրնայ հանդիսանալ։ Վստահ եմ թէ իր այս բարեմասնութիւններով լաւագոյնս պիտի սպասարկէ Հայ Եկեղեցւոյ եւ լաւ հովիւ մը պիտի ըլլայ իր հօտին։ Աղօթեցէ՛ք, Տէր Հօր համար, որպէսզի Աստուած զօրացնէ զայն իր ծառայութեան մէջ»։ Հայր Սուրբը ծանուցանեց նաեւ որ Տէր Շահէն Քահանան Պատրիարքական Աթոռոյ տնօրինութեամբ, յետ այսու պիտի ծառայէր որպէս երէց Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ։

der sahen 2 Հայր Սուրբը, իր խօսքերուն աւարտին, հրաւիրեց Տէր Շահէն Քահանան, որպէսզի իր անդրանիկ խրատականը խօսի հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ան հաւատացեալ ժողովուրդին իր առաջին պատգամը փոխանցեց «Ես կ՚երթամ, եւ դուք պիտի փնտռէք զիս ու պիտի մեռնիք ձեր մեղքերուն մէջ. Քանզի ուր որ ես կ՚երթամ, դուք չէք կրնար գալ» (Յովհ. 8.21) բնաբանով։ Շեշտեց Քրիստոսի մօտենալու կարեւորութիւնը եւ ըսաւ. «Եթէ մենք մեր մեղքերուն չենք անդրադառնար եւ մեր սրտերուն մէջ չենք զգար մեղքի ցաւը, մեր մեղքերուն պատճառաւ կը կորսուինք։ Յիսուս Քրիստոս, ճշմարիտ ճանապարհն է։ Ան իր կատարած գործերով, իր խօսքով մեզի ցոյց կուտայ թէ ինչպէ՞ս կարելի է գտնել այդ ճանապարհը»։  Թելադրեց, հետեւիլ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին, որպէսզի Ան ալ մեզի տեղ պատրաստէ յաւիտենական կեանքի համար։

der sahenՅաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Հոգեհանգստեան արարողութենէ յետոյ, պատարագիչ նորընծայ քահանան, հաւատացեալներու վրայ «Փարատեա» աղօթքը արտասանեց։

Ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ նորընծայ քահանային ի պատիւ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ։ Սիրոյ սեղանին արտայայտուեցաւ Տէր Շահէն Քահանան եւ Հայր Զատիկ Աբեղան։ Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք իր պատրաստութեան շրջանին, ձեռնադրութեան օրը, ապաշխարանքի շրջանին, ինչպէս նաեւ անդրանիկ Ս. Պատարագի մատուցման իր հետ եղած էին։ Իր որդիական երախտիքը յայտնեց յայտնեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հօր, որ Տէր Հօր հոգեւորական դառնալու կոչում զգացած առաջին իսկ մէկ օրէն խրախուսած էր զինքը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իր հոգեւոր ծնողին։ Ինք եւս աղօթք խնդրեց հաւատացեալներէն, որպէսզի Տէրը օգնական ըլլայ այս դժուար պարտականութեան մէջ։ Շեշտեց որ մեր ժողովուրդը, արժանի էր ամենալաւ ծառայութեան եւ ինք պիտի աշխատէր այս ուղղութեամբ։  Տեղւոյն հոգեւոր հովիւ՝ Զատիկ Աբեղան, իր խօսքին մեջ շնորհաւորեց նորընծայ Տէր Շահէն Քահանան, որ իրմէ յետոյ պիտի ստանձնէր Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ երիցութեան պաշտօնը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ընտանիքին, իրենց ցուցաբերած ջերմ վերաբերմունքին եւ գործակցութեան համար։ Հուսկ բանքը արտասանեց Թաթուլ Ծ. Վրդ. եւ անգամ մը եւս շնորհաւորեց Տէր Շահէն Քահանան։ Ս. Կարապետի ընտանիքին թելադրեց, նեցուկ կանգնիլ նորընծայ քահանային իր նոր պաշտօնին մէջ։ Գովեց նաեւ Զատիկ Հայր Սուրբին  օրինակելի տքնաջան ծառայասիրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր ապագայ ծառայութեան մէջ։ Սիրոյ սեղանի իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած աղօթքով։

sahen der konusma