ԱՐԺ. Տ. ՇԻՐՎԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Kategori: Եկեղեցական

sirvanԱրժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, յետ ձեռնադրութեան ապաշխարութեան շրջանը բոլորելով, 26 Փետրուար 2014, Չորեքշաբթի, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցանեց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։

Արարողութեանց հանդիսապետեց Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Արարողութեանց ներկայ եղան նաեւ Հոգշ. Տ. Զատիկ Արբ. Պապիկեան եւ քահանայ հայրեր։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Բրշ. Սարկաւագներ Արթուն Տամատեան,Արման Պուլտուքեան եւ Բրկ. Արմենակ Կ.Սրկ. Գազանճեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպրաց կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Մուրատ Ուր. Դպ. Իչլինալչայի։

karozՆախ քան Տէրունական Աղօթքը, Զաքէոս Ծ. Վրդ. հաւատացեալներուն ներկայացուց նորընծայ Տ. Շիրվան Քահանան եւ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Տէր Հայրը, ի տղայ տիոց եկեղեցւոյ սպասարկած է եւ Աստուծոյ նախախնամութեամբ արժանացած՝ քահանայական սուրբ կարգին։ Ան, վայելեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հօր քաջալերանքը եւ տարիներ առաջ որոշեց հոգեւորական դառնալ ու այս ուղղութեամբ դիմեց Պատրիարքական Աթոռին։ Տարիներ անցան այդ շրջանէն եւ Տէր Շիրվան Հայրը, որպէս Աստուծոյ սպասաւորը, այսօր Տիրոջ Ս. Սեղին առջեւ կանգնած Ս. Պատարագ կը մատուցանէ։ Յանուն հաւատացեալ ժողովուրդի, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի, որ եղաւ նորընծայ Տէր Հօր հոգեւոր ծնողը։ Կը շնորհաւորեմ նաեւ հոգեւորականաց դասը, որուն նոր անդամը ծառայութեան պիտի սկսի։ Աղօթեցէ՛ք, Տէր Հօր համար, որպէսզի Ան լիովին ծառայէ Քրիստոսի եկեղեցիին եւ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդին»։

Հայր Սուրբը, իր խօսքերուն աւարտին, հրաւիրեց Տէր Շիրվան Քահանան, որպէսզի իր անդրանիկ խրատականը խօսի հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ան հաւատացեալ ժողովուրդին իր առաջին պատգամը փոխանցեց «Ես եմ աշխարհի լոյսը, ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չգալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ» (Յովհ. 8.12) բնաբանով։ Շեշտեց Քրիստոսի ճշմարիտ լոյս ըլլալու խորհուրդը։ Ընդգծեց թէ, Քրիստոս՝ լուսաւորիչը մեր կեանքին, կարողութիւն ունէր, խաւարը փարատելու, միտքերը մաքրելու եւ սիրտերը սրբելու։ Թելադրեց, հետեւիլ ճշմարիտ լոյսին՝ Քրիստոսի, որպէսզի լոյսի աղբիւրին անաղարտ ճառագայթներով լուսաւորուած, կարելի ըլլայ բարի գործեր կատարել Աստուծոյ փառքին համար։

badarak

konusmaՅաւարտ Ս. Պատարագի, Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեանի հանդիսապետութեամբ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Հոգեհանգստեան արարողութենէ յետոյ, պատարագիչ նորընծայ քահանան, հաւատացեալներու վրայ «Փարատեա» աղօթքը արտասանեց։

Ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ նորընծայ քահանային ի պատիւ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ։ Սիրոյ սեղանին արտայայտուեցաւ Տէր Շիրվան Քահանան։ Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք իր պատրաստութեան շրջանին, ձեռնադրութեան օրը, ապաշխարանքի շրջանին, ինչպէս նաեւ անդրանիկ Ս. Պատարագի մատուցման իր հետ եղած էին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց իր հոգեւոր ծնողին։ Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ տեղւոյն թաղային խորհուրդին եւ տիկնանց կազմին, որոնք սարքած էին սիրոյ սեղանը։ Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ, միասնաբար արտասանուած աղօթքով։