ԱՐԺ. Տ. ՊԱՐԹԵՒ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական

Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի Հոգեւոր Հովիւ, նախկին Ստանպուլահայ Արժ. Տ. Պարթեւ Աւ. Քհնյ. Գարագաշեան, որ իր տարեկան արձակուրդի առթիւ քաղաքս ժամանած է, ընկերակցութեամբ նոյնպէս նախկին Ստանպուլահայ Պետրոս Զօրլուի 12 Սեպտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 12.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Դիւանապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

 

Այցելուները նախ շնորհաւորեցին Պատրիարքական նորընտիր Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Ապա զրուցեցին ինչ ինչ հարցերու մասին։

2019 DER BARTEV

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Տէր Հօր։