ԱՐԺ. Տ. ՊԵՏՐՈՍ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Kategori: Uncategorized

11060085_10153469251814719_3360772783880524057_nՆորապսակ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, յետ ձեռնադրութեան ապաշխարութեան շրջանը բոլորելով, 25 Յուլիս 2015, Շաբաթ, Ս. Փրկիչ Մատրան մէջ մատուցանեց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։

Արարողութեանց հանդիսապետեց Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Արարողութեանց ներկայ եղան նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններ եւ քահանայ հայրեր։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Աւ. եւ Կոռիւն քահանայ հայրերը, բազմաթիւ սարկաւագներ եւ ուրարակիր դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւարականներու եւ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի։

IMG_8139Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Սահակ Եպս. քարոզեց «Կեանքը Հաց»ը ուտելու կարեւորութիւնը շեշտելով։ Քրիստոս նոյնինքն զոհաբերումով, նուիրաբերումով, խաչելութեամբ եւ Ս. Յարութեամբ եղած էր այդ կեանքը հացը։ Ապա, իր խօսքը ուղղեց Տէր Պետրոս Քահանային, որ պիտի դառնար «Կեանքի Հաց»ի մատակարարը։ Սրբազան Հայրը, որպէս իր հոգեւոր ծնողը, հայրական թելադրութիւններ ըրաւ նորաօծ Տէր Հօր եւ ըսաւ. «Գիտցիր որ պիտի գան ու համբուրեն քու աջդ, օրհնութիւն պիտի ստանան քեզմէ, բայց հեռուէն միշտ պիտի հետեւին ու պիտի դիտեն քեզ։ Պիտի գնահատեն քու կատարած աշխատանքդ, սակայն եթէ տեսնեն անյարիր վարք մը, պիտի քննադատեն։ Խօսքերդ ու վարքդ համապատասխան պիտի ըլլան։ Քու ծառայութեանդ բուն նպատակն է մարդիկը Աստուծոյ մօտեցնել, կռիւ ընողները հաշտեցնել, աղքատը եւ հարուստը մօտեցնել։ Եթէ ճամբէդ շեղիս եթէ հոգեւորականի պատճաշ ձեւով չշարժիս, այն ատեն քահանայական կոչումը միայն աշխարհիկ շահի պիտի վերածուի։ Եթէ Ս. Գիրքէն, եկեղեցիէն, ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները հոգալէն հաճոյք չզգաս, այն ատեն տարբերութիւն պիտի չունենաս աշխարհիկէն ու ուրիշ նիւթական արժէքները պիտի ըլլան քու հաճոյքդ»։ Սրբազան Հայրը, իր խօսքերու աւարտին, անգամ մը եւս շնորհաւորեց Տէր Հայրը։ Մաղթեց որ, Տէր Պետրոս Քահանան բարի, լաւ հովիւ մը ըլլայ ու ապագային ուրիշներ եւս ըսեն թէ՝ լաւ որ քահանայ եղած է իրենց հօտին։

11183464_10153477402728159_6646213233818949721_nՍ. Պատարագին մասնակից հաւատացեալներէն շատեր, մօտեցան եւ Տէր Պետրոս Քահանայի ձեռամբ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Հոգեհանգստեան արարողութենէ յետոյ, պատարագիչ նորընծայ Տէր Հայրը, հաւատացեալներու վրայ «Փարատեա» աղօթքը արտասանեց։

11781727_10153552532863628_6640268681000828543_nԱպա, «Պիլէք» սրահին մէջ նորընծայ Տէր Հօր ի պատիւ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ։ Սիրոյ սեղանին յանուն քահանայից դասուն արտայայտուեցաւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, ողջունեց Տ. Պետրոսի ներկայութիւնը ու յիշեցուց քահանայութեան պարտականութեան վսեմութիւնը եւ մաղթեց որ միշտ սատանայի դէմ պայքարող հոգեւորական մը ըլլայ։ Ապա, խօսք առաւ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ ուրախութիւնը յայտնեց թէ՝ ի տղայ տիոց եկեղեցի ծառայած երիտասարդ մը, ձեռնադրեալ քահանայ կը տեսնէր։ Աւելի վերջ, Պետրոս Քահանան արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Տէր Հայրը, երախտագիտական ջերմ զգացումով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք իր պատրաստութեան շրջանին, ձեռնադրութեան արարողութեան, ապաշխարանքի շրջանին, ինչպէս նաեւ անդրանիկ Ս. Պատարագի մատուցման օրը իր հետ եղած էին։ Տէր Հայրը եզրաբակեց իր խօսքերը, ըսելով. «Նկատի պիտի ունենամ եկեղեցւոյ սուրբ հայրապետներուն ընթացքը, պիտի յիշեմ այդ ծառայութիւնները եւ պիտի ջանամ օրինակ առնել իրենց վարքն ու գործունէութիւնը։ Պիտի ջանամ իմ հօտս յառաջ տանելու եւ զայն պայծառացնելու համար։ Աստուծոյ կամքով պիտի ծառայեմ առանց կորսնցելու հաւատքս, յոյսս եւ սէրս։ Այս ուղղութեամբ, կը խնդրեմ ձեր աղօթքները, որպէսզի Տէր Յիսուս Քրիստոս բազում շնորհներ տայ նուաստիս ծառայելու համար»։ Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ, Սահակ Սրբազան Հօր արտասանած հուսկ բանքով։