ԱՐԻՆ ԲԵՐԴ ՊԱՐԱԽՈՒՄԸ ՀՐԱՊՈՒՐԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Հայաստանէն Պոլիս ժամանած «Արին Բերդ» Պարախումբը Գնալը Կղզիի «Թէօս» ճաշարանի մէջ, 21 Օգոստոս 2019, Չորեքշաբթի գիշեր բեմ բարձրացաւ։ Սոյն ելոյթը իր բարձր ներկայութեամբ պատուեց Պատրիարքութեան Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Հանդիսութեան ներկայ էին Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Լեւոն Շատեան, Կազդուրման Կայանի Վարչութեան Ատենապետ՝ Արի Չօլաք, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Սելինա Տողան, «Մեր Պարերը եւ Մենք» պարային կազմակերպութեան անդամները եւ մշակութասէր բազմաթիւ հիւրեր։

 

Սոյն հանդէսը «Բերակամութիւնը սահման չի ճանչնար» նշանաբանով, «Մեր Պարերը Եւ Մենք»ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր, որոնց օժանդակած էին Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութիւնը, Կղզեաց Քաղաքապետութիւնը, Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութիւնն ու Արամեան Սանուց Միութեան Վարչութիւնը։

 

Մօտաւորապէս ժամ մը, հիւր խումբը մեծ խանդավառութեամբ հանդէս եկաւ ժողովրդական պարերով։ Տարբեր շրջաններու պատկանող հայկական խաղերը մեծապէս գնահատուեցան բոլոր ներկաներուն կողմէ։

 

Ելոյթի աւարտին, Սեւան Աթաօղլուն բեմ բարձրացաւ եւ յանուն իր ընկերներուն շնորհակալութեան խօսք արտասանեց։ Այնուեհետեւ, մի առ մի յիշեց բոլոր բարերարներուն անունները եւ անոնց մասնաւորապէս երախտիք յայտնեց իրենց ներդրումին համար։ Այս առթիւ բոլորին յանձնուեցան յուշանուէրներ։

ARIN PERT 1

Հանդիսութեան ամենէն տպաւորիչ պահը հասաւ, երբ «Արին Բերդ» Խումբի պարուսոյցներ Արթուր Տօնոյեան եւ Սոֆա Միքաէլեան բեմ բարձրացան ու յայտարարեցին թէ՝ Արի Կիւլէչ Հայաստանի Մանկավարժական Համալսարանի Պարարուեստի ուսուցումը աւարտած ըլլալով, արժանի դարձած էր՝ բարձր վկայականի։ Այնուհետեւ, ծափերով յանձնուեցաւ սոյն վկայագիրը վկայեալին։

 

Ելոյթի աւարտին Տեղապահ Սրբազանը հուսկ բանքը կատարեց եւ ըսաւ. «Արին Բերդ Պարային Համոյթը այս գիշեր մեզի սքանչելի հանդէս մը, համերգ մը ներկայացուց, ուրախ ենք։ Ինչպէս որ հիացմունքով տեսանք ու դիտեցինք իրենց հեզասահ շարժումները, այս խումբը Փրոֆէսիոնէլ պարախումբ մըն է, դպրոց մըն է լիովին։ Այսինքն անոնք ընտրած են պարելը իբրեւ իրենց բուն գործը որպէս կեանքի ասպարէզ: Երբեմն մարդիկ պարը երկրորդական զբաղմունք կը նկատեն. Մարդիկ կը պարեն պարապ ատենները արժեւորելու կամ ուրախանալու համար։ Բայց եւ այնպէս պարը մարդու հոգիի լաւագոյն արտայայտութեան ձեւերէն մէկն է»։

 

Յետոյ Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղեց Արին Բերդի անդամներուն, ըսելով. «Սիրելի տղաք, բարի եկաք, դուք մեզի համար շատ կարևոր կամուրջ մըն էք, Հայրենիքէն զեփիւռներ բերիք, մեզի Հայրենիքի շունչը բերիք։ Մենք յիշեցինք մեր փառաւոր անցեալը, այնպէս որ ձեզմէ եկած հեշտագին ձայներով, քնքուշ շարժումներով եւ ձեր տարազներու փայլուն գոյներով մեր տուները պիտի երթանք։ Հարստացուցիք մեր կեանքը եւ մեր ամառնային արձակուրդը, շատ շնորհակալ ենք։ Աստուած ձեր ճամբան բանայ։ Եթէ դուք այս տարիքին այսպէս կը պարէք, 10 տարի յետոյ ի՞նչ պիտի ըլլաք, Աստուած գիտէ։ Մենք տեսանք որ այս բեմը արդէն հիմակուընէ չի բաւեր ձեզի, թռչիլ կուզէք, սաւառնիլ կուզէք։ Թռչեցէ՛ք ու կատարելութեան կատարները գրաւեցէ՛ք»։

ARIN PERT 2

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, հուսկ, իր խօսքը ուղղեց  «Աւանդական» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յակոբ Արի Կիւլէչին, ըսելով. «Մենք հիմա աւելի լաւ կը հասկնանք թէ մեր Յակոբ Արի Կիւլէչը ո՛ր տեղերէն անցաւ, հասաւ ու եկաւ Պոլիս: Ուրեմն ինքը անոնց պէս այս դպրոցներէն անցաւ եւ վարպետութեան այս գերազանց աստիճանին հասաւ, այնպէս որ սրտանց կը շնորհաւորենք զինք։ Իրապէս այս վարպետութիւնը Պոլսոյ Հայութեան բերելու, մեր մանուկներուն, երիտասարդներուն այդ հոգին փոխանցելու եւ անոնց հոգիին թռիչք տալու այդ կամեցողութիւնը եւ այդ կարողութիւնը Յակոբին մէջն յստակապէս կը տեսնենք։ Մենք անձնապէս կը ճանճնանք զինք: Յակոբ ջան, Աստուած ուժդ աւելցնէ։ Նաեւ կը տեսնես, որ ուր մշակութային շարժում մը կայ, բանակ մը լեցուն ազգայիններ, Պոլսայհայեր կան քեզի նեցուկ կանգնելու պատրաստ. հետեւաբար առանձին չես երբեք, ուստի սրտանց կը գնահատենք քեզ: Աստուած վարձահատոյց ըլլայ, մենք բոլորս քեզի հետ ենք։ Շատ ապրիս»:

 

Յետոյ Տեղապահ Սրբազանը յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ յուշանուէր մը եւս յանձնեց Յակոբ Արի Կիւլէչին։

 

Ելոյթի աւարտին հանդիսատեսները գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ ողջունեցին խումբի բոլոր անդամները եւ շնորհաւորեցին Յակոբ Արի Կիւլէչը։