ԱՐՍԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

arsen avakyanՍեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի մնայուն նորանշանակ Արսէն Աւագեան, 19 Յունիս 2015, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Արսէն Աւագեան օտար անուն մը չէ, քանի որ 2001-2005 տարեշրջանին ստանձնած էր նոյն պաշտօնը քաղաքիս մէջ։ Իրեն համար ուրախութիւն էր անգամ մը եւս վերդառնալ Ստապուլ։

Սրբազան Հայրը, ողջունեց Արսէն Աւագեանի ներկայութիւնը Պատրիարքարանի մէջ։ Ինք եւս ուրախացած էր, սոյն պաշտօնի վրայ ծանօթ անուն մը տեսնելով։ Իրեն յաջողութիւն մաղթեց իր դիւանագիտական նոր պաշտօնին մէջ։