ԱՒԱԳ ԴԵՍՊԱՆ ՈՒՂՈՒՐ ՔԷՆԱՆ ԻՓԷՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

ugur kenan ipekԱրտաքին Գործոց Նախարարութեան Ստանպուլի Ներկայացուցիչ՝ Աւագ Դեսպան Ուղուր Քէնան Իփէք, 20 Փետրուար 2014, Հինգշաբթի, ժամը 10.30-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մեծայարգ հիւրը, որ 2013ի վերջերը ձեռնարկած է իր պաշտօնին, փափաքած էր ծանօթանալ Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։ Ուղուր Քէնան Իփէք 2010էն մինչեւ իր նոր պաշտօնի ստանձնումը, եղած էր Թուրքիոյ Ատտիս Ապապայի դեսպանը։

Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի, Հայ համայնքի մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց իր նոր պաշտօնին մէջ։