Աւագ Հինգշաբթի

Kategori: Եկեղեցական

Պոլսահայ ուխտաւորները 28 Ապրիլ Հինգշաբթի առաւօտ, Ընթրեաց Ս.Պատարագին մասնակցելու համար իջան Գեթսեմանիի պարտէզը՝ Ս.Մարիամ Աստուածամօր գերեզմանը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, եկեղեցւոյ դրան առջեւ հանգամանալիցբացատրութիւններ տուաւ Գեթսեմանիի մէջ կատարուածսուրբգրական դէպքերուն մասին։ Այստեղ էր, որ Քրիստոս իրաշակերտներէն Պետրոսին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին հետ աղօթածէր, Յուդա Իսկարիովտացիի կողմէ համբոյրով մը մատնուելէ եւձեռբակալուելէ առաջ։ Հայ Առաքելական, Յոյն Օրթոտոքս եւ ԼատինԿաթոլիկ եկեղեցիներու համաձայն այստեղ է նաեւ Ս. ԿոյսԱստուածամօր գերեզմանը, որուն վրայ հսկելու համար երեքեկեղեցիներն ալ մէկական վանք կառուցած են։ Իսկ գերեզմանին վրայ,ամէն օր, անխափան հայածէս Ս. Պատարագ կը մատուցուի։

26Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ուխտաւորները ներս մտան տաճարէնեւ դիմաւորուեցան Գեթսեմանիի Տեսուչ Հոգշ. Հ. Հայրիկ Վրդ.Գալայճեանի կողմէ։ Ս. Պատարագը կը մատուցէր Հոգշ. Հ. ԷմմանուէլԱբեղայ Աթաճանեան։ Բազմաթիւ հաւատացեալներ Ընթրեաց ՍուրբՊատարագէն հաղորդութիւն ստացան։
Սուրբ Պատարագի աւարտին ուխտաւորներու խումբը բարձրացաւնախ Ձիթենեաց Լեռ, ուրկէ դիտեցին Երուսաղէմի համայնապատկերը,մինչ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քաղաքի մէջ կատարուածսուրբգրական դէպքերուն եւ պատմութեան մասին տեղեկութիւններ կըփոխանցէր։

Ապա Ձիթենեաց լերան վրայ ուխտաւորներն ուխտի այցելութիւն մըտուին «Տէրունական Աղօթք»ի վանքը, որու խնամքը յանձնուած էՖրանսական միաբանութեան մը։ Աւանդութեան համաձայն ՏէրՅիսուս այստեղ է որ «Հայր մեր» աղօթքը սորվեցուցած է իրհետեւորդներուն։ Այստեղ Պոլսահայերը Եկմալեան եղանակովերգեցին «Տէրունական Աղօթք»ը։

2728Ապա բոլորը բարձրացան Համբարձման սրբավայրը։ Այստեղ եւսբացատրութիւններ ստանալէ ետք ուխտաւորները այցելեցինՀամբարձման սրբատեղին, կատարեցին երախայից Ս. Պատարագ։Միջօրէի ճաշէն առաջ բոլորը միասնաբար այցելեցին նաեւ հինքաղաքի Դամասկոսի դարպասէն ոչ շատ հեռու գտնուող հայկականյայտնի խճանկարը, որ մնացած է եօթներորդ դարէն։

Իսկ Աւագ Հինգշաբթիի երեկոյեան, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւուխտաւորները իրենց ուխտի առաջին այցելութիւնը տուին Երուսաղէմի միաբանութեան Սրբոց Յակոբեանց վանքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը վանքի դուռը դիմաւորուեցաւ վանքի պաշտօնեաներուն կողմէ, որոնք զինք առաջնորդեցին Ս. ՅակոբեանցՄայր Տաճարը։ Ոտնլուայի արարողութեան նախագահեց՝ Ն.Ա.Տ.Թորգոմ Պատրիարք Հայրը, որ լուաց չորս սրբազաններու եւ ութ վարդապետներու ոտքերը։ Հանդիսութեան աւարտին Պատրիարք Հայրերը ողջագուրուեցան եւ Հոգշ. Տ. Տ. Եղիշէ եւ Զաքէոս աբեղաներու եւ Արժ. Տ. Տրդատ քահանայի հետ միասին բարձրացան Պատրիարքարան եւ սուրճ առին ընդունարանին մէջ։

Մինչ այդ Երուսաղէմի միաբաններէն Հոգշ. Հ. Էմմանուէլ Աբեղայ Աթաճանեան պոլսահայ ուխտաւորներուն տեղեկութիւներ տուաւ տաճարին մասին։

29Արարողութեան պահուն Մայր Տաճար կը գտնուէին նաեւ Ս.Վարդանանց երգչախումբի անդամները, որոնք Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարքի օրհնութեամբ եւ Ն.Ա.Տ. Թորգոմ Պատրիարքի հրաւէրովկը գտնուէին Երուսաղէմ, կատարելու տօնական Ս. Պատարագներուերգեցողութիւնները։

Ապա հոգեւորականները եւ ուխտաւորները, Հայոց Վանքի ՍրբոցՀրեշտակապետաց Եկեղեցիէն, դէպի Սիոնի Լերան վրայ գտնուողՀայոց Սուրբ Փրկիչ Վանքը կազմուած հանդիսաւոր թափօրինմասնակցեցան։

Աւագ Հինգշաբթի գիշեր Խաւարման արարողութիւնըՍրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ սկսաւ 19.00իննախագահութեամբ Ամեն. Տ. Թորգոմ Ս. ՊատրիարքՀօր։ «Փառք ի բարձունս»ի աւարտին ներշնչեալ քարոզմը խօսեցաւ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպիսկ.Մարտիրոսեանը։