ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ ԵՒ Ս. ԶԱՏԻԿ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Ոգեւոր Աւագ Շաբթուան աւարտին եկեղեցիներուզանգակները աւետեցին.
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Մեծ Պահքի ապաշխարութեան շրջանէն յետոյ,Ղազարու Յարութեան յիշատակով սկսած ԱւագՇաբաթը իր արարողութիւններով հաւատացեալներունհամար հոգեւոր ապրումներու շրջան մը եղաւ։ ԱւագՇաբթուան տեւողութեան ընթացքին քայլ առ քայլհետեւեցանք Տէր Յիսուս Քրիստոսի փրկարարտնօրինութեանց։ Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեանտաղաւարի տօնախմբութիւնները մեր եկեղեցիներունմէջ կատարուեցան խուռներամ հաւատացեալներումասնակցութեամբ։

Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկի առիթով հիւր հոգեւորականներ
Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր հրաւէրով, ՄայրԱթոռ Ս. Էջմիածնէն, Մեծի Տանն ԿիլիկիոյԿաթողիկոսութենէն եւ Ս. Երուսաղէմի ՊատրիարքականԱթոռէն հիւր միաբաններ Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկիհանդիսութիւններուն մասնակցելու համար Պոլիսժամանեցին։ Նորին Ամենապատուութեանգլխաւորութեամբ ընդամէնը 12 վեղարաւոր հայրեր այսշաբթուան սրտառուչ արարողութիւններուն իրենցմասնակցութիւնը բերին, շէնցնելով մեր եկեղեցիները եւճոխացնելով եկեղեցական հանդիսութիւնները։
Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ ՎեհափառՀայրապետի տնօրինութեամբ Մայր Աթոռէն ժամանեցինԱրագածոտնի թեմի Կաթողիկոսական Ներկայացուցիչ`Հոգշ. Հայր Թորգոմ Աբղ. Տօնիկեան եւ միաբանհայրերէն Հոգշ. Հայր Տիրան Աբղ. Պետրոսեան։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա ՎեհափառԿաթողիկոսի տնօրինութեամբ Պոլիս ժամանեցինԿաթողիկոսարանի Արխիւատան Տեսուչ` ԳերապատիւՀայր Եղիշէ Ծ. Վրդ. Մանճիկեան եւ ԿաթողիկոսութեանԵրիտասարդական Բաժանմունքի Վարիչ` Հոգշ. ՀայրԳեղարդ Աբղ. Գիւսպէկեան։

Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Թորգոմ Բ. Պատրիարք Հօրտնօրինութեամբ Պոլիս ժամանեցին Ս.ԱթոռիԼուսարարապետ` Գերշ. Տ. Նուրհան Արքեպիսկ.Մանուկեան եւ Տնօրէն Խորհուրդի Ատենապետ` Գերշ. Տ.Սեւան Ս. Եպիսկ. Ղարիպեան։

Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ` Գերշ. Տ.Արամ Ս. Եպիսկ. Աթէշեան, որ կը շարունակէր իրապաքինման շրջանը բոլորել Ամերիկեան Հիւանդանոցիմէջ, բնականաբար չկրցաւ իր մասնակցութիւնը բերելարարողութիւններուն, սակայն հիւանդանոցի իրսենեակէն հսկեց բոլոր կարգադրութիւններուն վրայ, եւՍ. Զատկի տօնին անիւաւոր աթոռով ներկայ եղաւԱթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուածՍ.Պատարագին։

Իսկ Հոգշ. Հայր Զաքէոս Աբղ. Օհանեան հովուականայցելութիւն տուաւ Անտիոք եւ հանդիսապետեցԱղեքսանդրեկի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ Մուսալերան Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջկատարուած Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկի տօնակատարութեանց։

Աւագ Հինգշաբթի
Տէր Յիսուս Քրիստոսի Վերջին Ընթրիքըյիշատակուեցաւ Աւագ Հինգշաբթի միջօրէին։ Ս.Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջարարողութեան նախագահեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս.Պատրիարք Հայրը։ Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Հ.Թաթուլ Աբղ. Անուշեան։ Ներկայ էին Գերյ. Հ. Լեւոն Վրդ.Զէքիեան, Գերյ. Հ. Ճոն Վրդ. Ուըլի, Հոգշ. Հ. Եղիշէ Աբղ.Ուչքունեան։ Ս. Պատարագի աւարտին, ՆորինԱմենապատուութիւնը տասներկու երիտասարդներուոտքերը լուաց եւ ապա քարոզեց։

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզին մէջանդրադարձաւ Ոտնլուայի խորհուրդին, որ կընշանակէր խոնարհութեամբ ծառայել եւ հրաւիրեցհաւատացեալները հետեւելու Քրիստոսի օրինակին,ինչպէս Ան ըսած էր՝ նոյնը ընելու, ծառայելու մերնմաններուն։

Արարողութեան աւարտին տասներկու երիտասարդներծունկի գալով ստացան օրհնութիւն։

Ընթրեաց Ս. Պատարագը Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս.Սվաճեան մատոյց Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց,Գերշ. Տ. Նուրհան Արքեպս. Մանուկեան ՊաքըրգիւղիԾնունդ Ս. Աստուածածնի, Գերշ. Տ. Սեւան Եպս.Ղարիպեան Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց, Գերպ. Հ. ԵղիշէԾ. Վրդ. Մանճիկեան Գատըգիւղի Ս. Թագաւորեկեղեցիներուն մէջ։
Իսկ Ոտնլուայի կարգը Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս.Սվաճեան կատարեց Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց, Գերշ.Տ. Նուրհան Արքեպս. Մանուկեան Եշիլգիւղի Ս.Ստեփանոս, Գերշ. Տ. Սեւան Եպս. ՂարիպեանՊաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի, Գերպ. Հ. ԵղիշէԾ. Վրդ. Մանճիկեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգեկեղեցիներուն մէջ։

§Խաւարման¦ կամ §Լացի Գիշեր»ի կարգին Ամեն. Ս.Պատրիարք Հայրը նախագահեց Ս. ԱստուածածինԱթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, շուրջն ունենալովՀոգշ. Հ. Եղիշէ Աբղ. Ուչքունեան, Հոգշ. Հ. Թորգոմ Աբղ.Տօնիկեան, Հոգշ. Հ. Գեղարդ Աբղ. Գիւսպէկեան, Հոգշ. Հ.Տիրան Աբղ. Պետրոսեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ.Ուզունեանը։ Իսկ Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեանհանդիսապետեց Սկիւտարի Ս. Խաչ, Գերշ. Տ. ՆուրհանԱրքեպս. Մանուկեան` Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց,Գերշ. Տ. Սեւան Եպս. Ղարիպեան` Սամաթիոյ Ս. Գէորգ,Գերպ. Հ. Եղիշէ Ծ. Վրդ. Մանճիկեան` ԳուրուչէշմէիԵրեւման Ս. Խաչ եկեղեցիներուն մէջ։ Կէս գիշերին, բոլորեկեղեցիներուն մէջ ժողովուրդը միաբերան երգեցքառասուն §Տէր ողորմեա»ները¦, որոնց աւարտին տեղիունեցաւ քարոզխօսութիւն։

Աւագ Ուրբաթ
Պոլսոյ կեդրոնական եկեղեցիներուն մէջ 25 Մարտ, ԱւագՈւրբաթ, ժամը 11.00ին կատարուեցաւ Խաչելութեանկարգը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեցՖերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ կատարուածարարողութեան, ուր ներկայ էին Գերպ. Հ. Եղիշէ Ծ. Վրդ.Մանճիկեան, Հոգշ. Հ. Թորգոմ Աբղ. Տօնիկեան, Հոգշ. Հ.Գեղարդ Աբղ. Գիւսպէկեան, Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբղ.Անուշեան, Հոգշ. Հ. Տիրան Աբղ. Պետրոսեան, Գերյ. Հ.Ճոն Վրդ. Ուըլի, Արժ. Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։Քարոզեց Հոգշ. Հ. Գեղարդ Աբղ.։ Գերշ. Տ. ՇահանԱրքեպս. Սվաճեան Խաչելութեան կարգինհանդիսապետեց եւ քարոզեց Բերայի Ս. ԵրրորդութիւնԵկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ էր նաեւ Հոգշ. Հ. Եղիշէ Աբղ.Ուչքունեան։ Իսկ Հոգշ. Հ. Սահակ Աբղ. ՄաշալեանԱլթըմէրմէրի Ս. Յակոբ եւ Հոգշ. Հ. Զաքէոս Աբղ.Օհանեան Աղեքսանդրէկի Ս. Քառասնից Մանկանցեկեղեցիներուն մէջ արարողութեանց հանդիսապետեցինեւ քարոզեցին։

Երեկոյեան, Տէր Յիսուսի Թաղման յիշատակութեանԱմեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց եւ քարոզեցԲերայի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, ուրարարողութեան մասնակցեցան Հոգշ. Հ. Եղիշէ Աբղ.Ուչքունեան, Հոգշ. Հ. Գեղարդ Աբղ. Գիւսպէկեան, Հոգշ.Հ. Թաթուլ Աբղ. Աբղ. Անուշեան, Հոգշ. Հ. Տիրան Աբղ.Պետրոսեան, Գերյ. Հ. Ճոն Վրդ. Ուըլի, Արժ. Տ. ՄինասՔհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Մեր հոգեւոր Պետը քարոզին մէջշեշտը դրաւ մահուան գաղափարին վրայ եւ ընդգծեց,թէ մահը վերջ մը չէ, այլ՝ հանգիստ։ Ապա ՊատրիարքՀայրը, յիշեցնելով մեր մկրտութիւնը հրաւիրեցհաւատացեալ ժողովուրդը պատրաստուելուՅարութեան աւետիսին եւ նորոգուելու՝ թաղուիլՔրիստոսի հետ եւ ապրիլ Յարութեան յոյսով։
Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեան հանդիսապետեցՖերիգիւղի Ս. Վարդանանց, Գերշ. Տ. Նուրհան Արքեպս.Մանուկեան՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Գերշ. Տ. Սեւան Եպս.Ղարիպեան՝ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի,Հոգշ. Հ. Զաքէոս Աբղ. Օհանեան՝ Աղեքսանդրեկի Ս.Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներուն մէջ։

Ճրագալոյց
Ս. Զատկի Ճրագալոյցին, 26 Մարտ Շաբաթ երեկոյեանԱմեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պաղառութեանպատճառաւ Ս. Զատկի Ճրագալոյցը կատարեցՊատրիարքարանի Ս. Հոգի Մատրան մէջ։ Ս.Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյարարողութեանց հանդիսապետեց Հոգշ. Հ. ԹաթուլԱբղ. Անուշեան, որ կարդաց ՆորինԱմենապատուութեան պատգամը։ Գերշ. Տ. ՇահանԱրքեպս. Սվաճեան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր, Գերշ. Տ.Նուրհան Արքեպս. Մանուկեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ,Գերշ. Տ. Սեւան Եպս. Ղարիպեան Ֆերիգիւղի Ս.Վարդանանց, Գերպ. Հ. Եղիշէ Ծ. Վրդ. ՄանճիկեանԹաքսիմի Ս. Յարութիւն, Հոգշ. Հ. Զաքէոս Աբղ.Օհանեան Մուսա Լերան Ս. Աստուածածինեկեղեցիներուն մէջ արարողութեանց հանդիսապետեցինեւ ի ժամ Ս. Պատարագի աւետեցին Տէր ՅիսուսՔրիստոսի յարութեան լուրը։
 
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»
Ս. Զատկի առաւօտուն մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջհաւատացեալները զիրար ա՛յսպէս ողջունեցին եւաւետեցին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս.Յարութիւնը։ 27 Մարտ Կիրակի առաւօտ Պոլսոյ եւԱնտիոքի մեր եկեղեցիներուն մէջ տօնախմբուեցաւ ՏէրՅիսուս Քրիստոսի Յարութեան Սուրբ Զատիկը։ Ն.Ա.Տ.Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. ԱստուածածինԱթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ արարողութեանցնախագահեց, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց։Արարողութեանց մասնակցեցան նաեւ ՅունացՊատրիարքի ներկայացուցիչ վարդապետը, ԱսորւոցԵպիսկոպոսի փոխանորդ քորեպիսկոպոսը, ՀռոմիԿաթոլիկ Եկեղեցիէն Գերյ. Հ. Ճոն Ուիլի, Ռուս ՕրթոտոքսԵկեղեցիէն Հոգշ. Հ. Անդրէաս Վարդապետ։ Ներկայ էրնաեւ Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեան, որ անիւաւորաթոռով եկած էր հիւանդանոցէն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Յարութիւն Մատրան մէջայցելութիւն տրուեցաւ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանիշիրմին, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ։
Իսկ եկեղեցական արարողութեանց աւարտին,Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ կատարուեցաւտնօրհնէք, ուր աջհամբոյրի ընթացքին ՆորինԱմենապատուութիւնը ներկուած հաւկիթներ բաժնեցհարիւրաւոր ներկաներուն։ Խրախուսական էրյատկապէս բազմաթիւ երիտասարդներուներկայութիւնը։

Ս. Զատկի տօնին առթիւ Գերշ. Տ. ՇահանԱրքեպիսկոպոս Սվաճեան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն,Գերշ. Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս ՄանուկեանՖերիգիւղի Ս. Վարդանանց, Գերշ. Տ. ՍեւանԵպիսկոպոս Ղարիպեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Գերպ. Հ.Եղիշէ Ծ. Վարդապետ Մանճիկեան Պաքըրգիւղի ԾնունդՍ. Աստուածածնի, Հոգշ. Հ. Զաքէոս Աբղ. ՕհանեանԱղեքսանտրեկի Ս. Քառասնից Մանկանց, Հոգշ. Հ.Գեղարդ Աբղ. Գիւսպէկեան Պոյաճըգիւղի Ս. ԵրիցՄանկանց եկեղեցիներուն մէջ արարողութեանցհանդիսապետեցին եւ քարոզեցին։ Մեր բոլորեկեղեցիներուն մէջ հանդիսութեանց մասնակցեցաւխուռներամ բազմութիւն մը։

Համայնքային ընդունելութիւն
Ս. Զատկի տօնախմբութիւնները շարունակուեցանհամայնքային ընդունելութեամբ, որ տեղի ունեցաւՊատրիարքարանի համալիրի Յարութիւն ԱմիրաՊէզճեան սրահին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնըընդունեց համայնքային վարիչներու, թաղականխորհուրդներու, միութեանց, դպրաց դասերու եւփափաքողներու շնորհաւորութիւնները։Ընդունելութեան ներկայ եղաւ նաեւ ՄխիթարեանՄիաբանութենէն Գերյ. Հ. Յակոբոս Վրդ. Չօփուրեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւնյայտնեց Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին ԲԿաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ ԱԿաթողիկոսին եւ Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Թորգոմ ԲՊատրիարքին, որոնք բարի եղած էին կարգադրութիւնընել որպէսզի իրենց միաբանութիւններէն Սրբազաններեւ Հայր Սուրբեր մասնակցէին Ստանպուլիտօնախմբութեանց։ Պատրիարք Հայրն իրուրախութիւնը յայտնեց տօնական հանդիսութիւններունմասնակցող ժողովուրդի եւ երիտասարդներու մեծբազմութեան համար։
Նորին Ամենապատուութիւնը 1 Փետրուարին աւարտածհամարած էր Պատրիարքարանի համալիրինորոգութեան գործը եւ օրհնութեան գիրեր շնորհած էրբարերարներու։ Նոյն օրհնութեան գիրերէն ուշքանշաններէն շնորհեց նաեւ Սեդրաք Թոքատի, ԵթքինՊէրպէրօղլուի, Սարգիս Չէթինքայայի, ԱնդրանիկՉէթինքայայի, օրհնութեան գիր՝ Կարպիս Էվեափանի եւՍ. Վարդանանց Դպրաց Դասուն։

Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց նաեւ թէ Հարաւային Ասիոյ աղիտեալներու օգնութեան համարհաւաքուած է 34240.79 ՆԹԼ, որուն կէսը յանձնուած էՎարչապետութեան օգնութեան կեդրոնին, իսկ մնացեալկէսը՝ UNICEF-ի մանկանց առաքելութեան։ Մեր ՀոգեւորՊետը մասնաւորաբար գնահատեց ՏատեանՎարժարանի աշակերտութիւնն ու վարչութիւնը, որՊոլսահայ վարժարաններու միջեւ մեծագոյն ներդրումըբերած էին սոյն հանգանակութեան։ Նոյնպէսգնահատեց Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց ԵկեղեցւոյՀոգեւոր Հովիւը, Թաղային Խորհուրդն ու ժողովուրդը, որմեր եկեղեցիներուն միջեւ մեծագոյն ներդրումը բերածէին սոյն հանգանակութեան։

Յիշատակ մեռելոց
Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը, 28 ՄարտԵրկուշաբթի, ժամը 12.00ին, ընկերակցութեամբվեղարաւոր հայրերու, այցելեց ՊալըքլըիԳերեզմանատունը։ Այստեղ թափօր կազմուեցաւ,գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Նուրհան ԱրքեպիսկոպոսՄանուկեանի որ յարութեան շարականներով եկաւնահատակաց գերեզմանը, ուր կատարուեցաւընդհանուր հոգեհանգիստ։

Ապա Ս. Պատրիարք Հայրը եւ հիւր հոգեւորականներայցելեցին Միսաք Մեծարենցի, Կարպիս Ճանճիկեանի,Տքթ. Զաքար Դարվէրի գերեզմանները ուր եւսկատարուեցան աղօթքներ։

Այց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց
Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը, 28 ՄարտԵրկուշաբթի, ժամը 13.00ին, ընկերակցութեամբվեղարաւոր հայրերու, այցելեց Ս. Փրկիչ ԱզգայինՀիւանդանոց եւ շքամուտքին դիմաւորուեցաւԲժշկապետին եւ Հոգաբարձութեան անդամներունկողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ այցելեցՀիւանդանոցի մատուռը, ուր հոգեհանգստեան կարգկատարուեցաւ Կիւլպէնկեան գերդաստանի հանգուցեալանդամներու համար։

Ապա Ս. Պատրիարք Հայրը, հիւր հոգեւորականներ եւԱթոռոյս միաբան հայրերը հիւրասիրուեցան ՊիլէքՀանգստարանի մէջ կէսօրուան ճաշով, ներկայութեամբԲժշկապետ Տքթ. Արման Չաքըրի, Հոգաբարձութեանանդամներուն եւ օժանդակ մարմիններուն։

Հիւր հոգեւորականներ այցելեցին Հիւանդանոցիթանգարանը, որմէ վերջ հրաժեշտ առին Ազգին Տունէն։

Յարանուանութեանց եւ օտարաց ընդունելութիւն
Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը 28 ՄարտԵրկուշաբթի, ժամը 15.00ին, Պատրիարքարանիդահլիճին մէջ ընդունեց քոյր եկեղեցիներուառաջնորդներն եւ ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւդիւանագիտական եւ պաշտօնական դէմքերուշնորհաւորութիւնները։ Տօնական ընդունելութեաններկայ եղան Յունաց Բարթոլոմէոս ԾայրագոյնՊատրիարքը, Հրէից Խախամապետ Րավ ԻսհաքՀալէվա, Ճիպրալթարի Գերշ. Տ. Ճէֆրի ՌաուլԵպիսկոպոսը, արտասահման գտնուող ԱսորիՈւղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդին փոխանորդողքահանայից խումբը, Ասորի Կաթոլիկ ՊատրիարքականՓոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ, Ա.Մ.Ն.ու, ՌուսիոյՍտանպուլի Աւագ հիւպատոսները, ՅունաստանիՀիւպատոսը, Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Աթէշ ԻւնալԷրզէն, Կղզեաց քաղաքապետ Ճօշքուն Էօզտէն, ՇիշլիիՓոխքաղաքապետ Վազգէն Պարըն եւ բազմաթիւայցելուներ։

Պատրիարք Հայրը ընդունեց Տիկնանց Յանձնախումբերու անդամները
Ս. Զատկի տօնի առիթով, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը29 Մարտ Երեքշաբթի, ժամը 15.00ինՊատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց մերհամայնքային հաստատութեանց ՏիկնանցՅանձնախումբերու ներկայացուցիչները։

Պատրիարք Հայրը արտայայտուեցաւ եւ ընդգծեց որզատկական աւանդութեան համաձայն, Ս. Զատիկըյիսուն օր կը շարունակուի, ուստի պէտք է որ այսշրջանին բոլորը զիրար ողջունեն §Քրիստոս Յարեաւ իմեռելոց¦ բառերով։ Այլ եւս աւանդութիւն դարձած է Ս.Զատկի երրորդ օրը տիկիններու Պատրիարք Հօր տուածայցելութիւնը։  Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեցկնոջ դերը հաւաքականութեան մէջ ու անոնց ներդրումըընտանեկան ու ընկերային կեանքին։ Մեր ՀոգեւորՊետը իր ուրախութիւնը յայտնեց տիկիններուն Պոլսոյմեր եկեղեցիներու կեանքին մէջ տարածաշխատանքներուն մասին եւ կարողութիւն մաղթեցիրենց։

Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի ԿապոյտՀրեշտակներու յանձնախումբի ատենապետուհի՝Շնորհիկ Ալթուն եւ Դպրեվանքի Տիկնանցյանձնախումբէն Վարդանուշ Չէրմէ, Գատըգիւղիտիկիններէն Սիրվարդ Չոլաքեան խօսք առնելով,հարցումներ ուղղեցին Ս. Պատրիարք Հօր։ ՆորինԱմենապատուութիւնը շեշտեց տարւոյն երեք մեծյոբելեանները եւ փափաքեցաւ բոլորին ներկայութիւնը։Մեր Հոգեւոր Պետը իր խօսքին վերջաւորութեանշնորհակալութիւն յայտնեց տրուած այցելութեանհամար։
Աւելի վերջ, ներկայ տիկիններ Պատրիարք Հօր Աջըառին, ստանալով Ս. Զատկի հաւկիթները։

  • 5
  • 6
  • 7