ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ Ս. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

LuysԱյս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռիս հովանաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ ուխտագնացութիւն մը դէպի Երուսաղէմ՝ մասնակցելու համար Ս. Յարութեան տօնախմբութեան։ Ուխտագնացութեան մաս կազմեց նաեւ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ խումբը գլխաւորեց դպրաց դասու նախագահ՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։

Ուխտաւորներ մասնակցեցան Աւագ Հինգշաբթիէն սկսեալ գրեթէ բոլոր արարողութեանց, մինչ այդ, քալեցին Քրիստոսի Տարապանաց ճանապարհը, շրջեցան Երուսաղէմի ու Բեթղեհէմի Սուրբ Գրային վայրերը, այցելեցին այդ վայրերուն վրայ կառուցուած եկեղեցիները, ստացան մանրամասն տեղեկութիւններ, կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքները եւ ունեցան հոգեւոր ապրումներ։

IMG-20150417-WA000810 Ապրիլ 2015, Աւագ Հինգշաբթի, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամները հասան Ս. Երուսաղէմ։ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբը Ս. Երկիր ժամանած էր, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի հրաւէրով, Ս. Յարութեան Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարելու համար։ Դպրաց դասու սարկաւագներն ու դպիրները, Աւագ Ուրբաթ Թաղման Կարգէ սկսեալ բոլոր արարողութեանց մասնակցեցան։

badriark topluՅուզիչ արարողութեանց չափ ուշագրաւ էր ուխտաւորներու Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հօր կողմէ ընդունուիլը։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ դպրաց դասու անդամներ, Աւագ Ուրբաթ ժամը 19.00-ին պաշտօնապէս ընդունուեցան Ս. Երուսաղէմի Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Պատրիարքի կողմէ։ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան այս առթիւ Պատրիարք Հօր փոխանցեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի ջերմ ողջոյնները։ Յանուն Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի, Ղուկաս Աքպուլութ արծաթեայ յուշանուէր մը յանձնեց նաեւ Նորին Ամենապատուութեան։ Պատրիարք Սրբազանը, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, գնահատելով անոնց նուիրումը ու եկեղեցանուէր բոլոր ծառայութիւնները։

luysՏօնախմբութեան գագաթնակէտերէն առաջինն էր 11 Ապրիլ, Աւագ Շաբաթ կատարուած լոյսի արարողութիւնը, իսկ երկրորդը՝ Ս. Զատկի առաւօտեան տաղաւարի Ս. Պատարագը, որ մատուցուեցաւ Ս. Յարութեան տաճարի կեդրոնը, Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին վրայ։

cirakaluytscirakaluys 2zadiiiggggՃրագալոյցի Ս. Պատարագը Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ մատոյց՝ Հոգշ. Բագրատ Վրդ. Պուրճէքեան, իսկ Ս. Զատկի Տաղաւարի Ս. Պատարագը՝ Գերշ. Տ. Արիս Արքեպս. Շիրվանեան։ Զոյգ Ս. Պատարագներու բազմաձայն երգեցողութիւնները կատարեցին Սահակեան Դպրաց Դաս Երչախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Սեւան Ակօշեանի։ Ս. Պատարագներուն Ս. Սեղան սպասարկեցին Բրշ. Գէորգ Սրկ. Նէրկիզ, Բրշ. Ալէն Տիրան Սրկ. Նէրկիզ, Բրշ. Տիգրան Սրկ. Պէսքիսիզեան, Բրկ. Ղազար Կ.Սրկ. Սապունճու, Բրկ. Արտա Կ.Սրկ. Փընարճը, Բրկ. Հերման Ուր. Դպ. Արզուման եւ Միհրան Սաթըլմըշ։

ZADİG11071811_735518803235367_2196691913781839142_nhayr zakeԵրկուշաբթի, 13 Ապրիլ Մեռելոցին առաւօտեան, Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ուխտաւորաց Ս. Պատարագ, որուն բազմաձայն երգեցողութիւնները եւս կատարուեցան Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Սեւան Ակօշեանի։ Արորողութեան աւարտին կատարուեցաւ եռադարձ թաբոր եւ ճանապարհի արարողութիւն՝ բոլոր ուխտաւորներու համար։

Ուխտաւորներ նոյն օրը երեկոյեան վերադարձան Ստանպուլ։merelots