ԱՒՍՏՐԱԼԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Միջկրօնական

avustaliaԱւստրալիոյ Մէլպէօրն քաղաքէն խումբ մը, գլխաւորութեամբ Աւստրալիոյ Միջմշակութային Երկխօսութեան Հիմնարկէն Ահմէթ Օրհան Փօլաթի, 23 Ապրիլ 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 13.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Խումբը, Մէօլպէօրնաբնակ քրիստոնեաներէ կը բաղկանար, որոնք Միջմշակութային Երկխօսութեան Հիմնարկի կազմակերպութեամբ կը գտնուէին քաղաքս։ Այս առումով, փափաքած էին քաղաքավարական այցելութեամբ տեսնել Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնը։

Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ, տեղեկութիւն տուաւ Թուրքիոյ Հայ համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյս պատմութեան, այժմու վիճակին մասին, ապա պատասխանեց այցելուներու հարցումներուն։

Այցելութեան աւարտին Նորին Սրբազնութիւնը խումբի անդամներուն նուիրեց Զատկական հաւկիթներ։