ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

IMG_3008Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 22 Սեպտեմբեր 2017, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ նորանշանակ դեսպան Մարք Իննէս-Պրաունը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։

Դեսպան Պրաուն յայտնեց որ իր նախորդը՝ Ճէյմս Լարսէնի պաշտօնավարութեան շրջանը այս տարի աւարտին հասած էր եւ ինք վերջերս նշանակուած էր, որպէս Աւստրալիոյ Դեսպան։ Իր պաշտօնին ձեռնարկելէ յետոյ, այցելութեամբ եկած է ծանօթանալու Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոն՝ Պատրիարքական Աթոռին եւ առ հասարակ հայ համայնքին հետ։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց ու զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ տուաւ Թրքահայ համայնքային կառոյցին ու այժմու վիճակին մասին։ Ան, յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։ Դեսպան Պրաուն շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար եւ հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։