ԱՒՍՏՐԻԱՑԻ ՀԻՒՐԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Միջեկեղեցական

avusturyaՎիէննայի Համալսարանի դասախօսներէն Փրօֆ. Տքթ. Րուտոլֆ Փրօքսճի վարդապետին գլխաւորութեամբ Աւստրիացի խումբ մը, 13 Սեպտեմբեր 2013, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը եկած էին քաղաքս, այցելելու համար այլ եկեղեցիներ ու Հայերու մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելած էին նաեւ Պատրիարքարան։ Անոնք Հայ համայնքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ միջքրիստոնէական յարաբերութեանց մասին հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբազնութեան եւ հակիրճ տեղեկութիւններ ստացան։