ԱՔՓ-ԱԿԱՆ ՏԻԿԻՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

akp kadinlar koluԱՔ Կուսակցութեան Կղզեաց շրջանի տիկնանց յանձ¬նախումբի ներկայացուցիչները, 15 Յունուար 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին քաղաքավարական այց մը տուին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուներ յայտնեցին որ իրենց գլխաւոր նպատակն էր շնորհաւորել Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տաղաւարը։ Այս առթիւ եղան բարեմաղթանքներ։ Ապա անոնք տեղեկութիւն նուին Կղզեաց շրժանին մէջ իրենց աշխատանքներուն մասին։
Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան եւ անոր նպատակին համար, ապա Պատրիարքական Աթոռի եւ համայնքի մասին հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ։

Այցելուներու այն հարցումին վրայ, որ «մենք ինչով կրնանք Կղզեբնակ ժողովուրդին օգտակար ըլլալ», եղաւ խորհրդակցութիւն, որու աւարտին մեկնեցան գոհ տպաւորութեամբ։