Ա.Մ.Ն.Է ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

abd akademisyanԱ.Մ.Ն.ու Գալիֆորնիա նահանքի Սան Տիակո Համալսարանէն դասախօսներու խումբ մը, 4 Յուլիս 2013, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը, երեք շաբթուան համար եկած էին քաղաքս, այցելելու համար այլ վայրեր ու Հայ Համայնքի մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելած էին նաեւ Պատրիարքարան։ Անոնց հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբազնութեան եւ հակիրճ տեղեկութիւններ ստացան։