Ա.Մ.Ն.ՈՒ ԱՒԱԳ ԴԵՍՊԱՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

IMG_7454Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 20 Մարտ 2021, Շաբաթ առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ա.Մ.Ն.ու Անգարայի մօտ Աւագ Դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը։ Մեծայարգ հիւրին կ’ընկերանային Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոս Տարիա Տէրնըլ եւ Քէվըն Մօսս։ Հանդիպման ներկայ էին Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Մեծայարգ հիւրը, քաղաքավարական այս այցելութեամբ փափաքն ունեցած էր ծանօթանալ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։ Սոյն հանդիպումը նաեւ շնորհաւորական այցելութեան բնոյթ ունէր, քանի Դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ, Նորին Ամենապատուութեան ընտրութենէն յետոյ առաջին անգամ հանդիպելու առիթը կ՚ունենար։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին, մեծայարգ հիւրը բարեմաղթութիւնները յայտնեց ու շեշտեց թէ Հայ համայնքը, մշակոյթով հարուստ Թուրքիոյ կարեւորագոյն տարրերէն մին է։ Մինչ այդ, համայնքիս անցեալին եւ ներկային մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան ու ինչ ինչ հարցերու մասին գաղափարի փոխանակումներ տեղի ունեցան։IMG_7451

Մեր Հոգեւոր Պետը շեշտեց Պատրիարքական Աթոռոյ պատմական նշանակութիւնը եւ որպէս հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոն ունեցած առաքելութեան կարեւորութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին, Մեծայարգ Դեսպանը յայտնեց նաեւ թէ յիշատակելի օր մը կ՚ապրէր, քանի Հայոց Պատրիարութեան տուած այս այցելութենէն յետոյ, պիտի մասնակցէր Գատըգիւղի նորընտիր Էմմանուէլ Մետրոպոլիտի գահակալութեան արարողութեան։

Հանդիպման աւարտին, Սաթըրֆիլտը որպէս յիշատակի նուէր Պատրիարք Սրբազան Հօր նուիրեց ապակեայ գեղեցիկ պնակ մը։ Իսկ Նորին Ամենապատուութիւնը այս նուէրին փոխարինեց եկեղեցական զգեստներու մասին պատրաստուած “Treasures of Faith” գիրքով։

IMG_7447Տեսակցութենէ յետոյ, մեծայարգ դեսպանն ու ընկերակիցները առաջնորդուեցան Աթոռոյս Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանը, ուր Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղայէ տեղեկութիւններ ստացան։ Հիւրերը նախապէս լսած ըլլալով Աթոռոյս թանգարանին մասին, մասնաւորապէս փափաքած էին տեսնել Պատրիարքարանի այս բաժինը։ Այցելութեան աւարտին, Դեսպան Սաթըրֆիլտ ստորագրեց թանգարանի պատուոյ տոմարը։

Այցելութեան աւարտին, յարգելի հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ընծայուած հիւրասիրութեան համար եւ բաժնուեցան Պատրիարքարանէ։