ԲԱՐՁՐ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՆՇԱՆ ԵԱՂՈՒՊԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Աթոռը ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ կ՚արձանագրէ թէ՝ մեր համայնքի հանրածանօթ դէմքերէն Բարձր Ճարտարապետ Նշան Եաղուպեան արժանացած է «2020 Ճարտարապետ Սինանի Անուան Մեծ Մրցանակին»։

NSHAN YAUBYAN

Համայնքային շրջանակներու համար ուրախառիթ է անոր համար որ սոյն մրցանակին արժանացած մեծարեալ ճարտարապետը, իր ասպարէզը կիրարկած է թէ Իսթանպուլի եւ թէ Թուրքիոյ այլազան քաղաքներուն մէջ մասնակցելով կարեւոր շէնքերու կառուցման աշխատանքներուն։

Իր ասպարէզին մէջ պատուաբեր դիրքի հասած անձնաւորութիւն մը ըլլալու առընթեր նաեւ իր կարելին ի գործ դրած է համայնքային կեանքին բերելու իր կարեւոր ներդրումը։ Մանաւանդ անմոռանալի է իր տարած անշահախնդիր աշխատանքը ի նպաստ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի յարակից բաժիններու, Եշիլգիւղի Հայոց Վարժարանի նորոգութեան, Արամեան Ունճեան Վարժարանի շինութեան, Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ յարակից բաժնի կառուցման: Նաեւ անդամակցած է Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին 1 Յուլիս 1962էն մինչեւ 27 Մայիս 2011, փոքր ընդհատումներով։ Թաղական Խորհուրդի շարքերէն ներս երբ դադրած է գործելէ  պահած է Իր բարոյական կապը թաղական խորհուրդի գործօն անդամներուն հետ, միշտ վայելելով անոնց յարգանքը:

NSHAN YAUBYAN 2

Պատրիարքական Աթոռը զինքը գնահատելով 2016 –ին իրեն շնորհած էր Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի Արծաթեայ Շքանշանը։

Կը շնորհաւորենք մեծարեալ Բարձր Ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանը  եւ իրեն կը մաղթենք քաջառողջ կեանք։