ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական

sargavak gisasargavakՖէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 105րդ, իսկ երգչախումբի կազմութեան 82րդ կրկնակ տարեդարձները կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ նշուեցան 2 Մարտ 2013, Կիրակի, Բուն Բարեկենդանին, հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեանի։ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի որոշումով, հանդիսութեանց առիթով, կատարուեցան կիսասարակաւագաց եւ սարկաւագաց ձեռնադրութիւններ։

sargavak gisasargavak ferikoyՍ. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիւանեան, ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ Դպրաց Դասու նախագահ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Հոգշ. Տ. Շնորհք Արբ. Տօնիկեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ Յովսեփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Լուսի Գահվէճիօղլուի։

«Զի Ողորմած» աղօթքէն առաջ, Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս կատարեց կիսասարկաւագի ձեռնադրութիւնը, խարտաւիլակութեամբ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ.ի։  Ըստ ձեռնադրութեան Մաշտոցի ցուցմունքներուն, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը Ուրարակիր Դպիրներ Ատրուշան Հալաճեանի, Էտվին Յարութիւն Կալիպեանի, Պարէտ Պալըքճեանի եւ Ալէն Հաճընլեանի ձախ բազուկներուն զետեղեց ուրարը եւ յանձնեց Խորհրդատետրը, պատարագիչի զգեստները, դատարկ սկիհը։ Ապա Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց՝ Ատրուշան, Էտվին Յարութիւն, Պարէտ եւ Ալէն Կիսասարկասագները։

sargavak ferikoy (2)

sargavak ferikoy (3)Հանդիսադիր Սրբազան Հայրը, Տէրունական Աղօթքէն առաջ, կատարեց նաեւ Կիսասարկաւագներ Ատրուշան Հալաճեանի, Արմենակ Գազանճեանի եւ Յարութիւն Էտվին Կալիպեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնները։ Անոնք, խարտաւիլակ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ.ի առաջնորդութեամբ մօտեցան ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր եւ կատարուեցաւ կանոնական արարողութիւնը։ Ձեռնադրեալներուն ձախ ուսերուն զետեղուեցան Սարկաւագութեան խորհրդանիշ՝ ուրարը, իրենց յանձնուեցաւ բուրվառը եւ Ս. Աւետարանը ի նշան սպասարկութեան։ Ձեռնադրութեան արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ ընդգծեց Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասու անթերի գործունէութեան, որ աւելի քան 100 տարիներ առաջ սկսած էր։ Դպրաց Դասու տարեդարձին առթիւ Եկեղեցւոյ երաժշտապետ ու երչախումբի վարիչ՝ Ատրուշան Հալաճեանի, եկեղեցւոյ լուսարար Արմենակ Գազանճեանի եւ ինչպէս նաեւ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ երաժշտապետ, Նարեկացի Երգչախումբի վարիչ ու Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ Դպրաց Խումբի Խմբավար Էտվին Յարութիւն Կալիպեանին սարկաւագութեան աստիճան շնորհուած էր առ ի գնահատութիւն իրենց բազմամեայ եկեղեցական ծառայութեան։ Նոյն առթիւ կիսասարկաւագ ձեռնադրուած էին Դպրաց Դասու երկու անդամներ Պարէտ Պալըքճեան եւ Ալէն Հաճընլեան։ Յիշեցուց թէ՝ իւրաքանչիւր ձեռնադրութիւն աւելի պատասխանատուութեամբ ծառայութեան հրաւէր մըն է եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն համար։ Նորին Սրբազնութիւնը շնորհաւորեց նոր ձեռնադրուած սարկաւագ եւ կիսասարկաւագները եւ իրենց նոր աստիճանին մէջ կարողութիւն մաղթեց։

sargavak ferikoy (1)

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն Վարդանանց Դպրաց Դաս երգչախումբի հանգուցեալ նախագահներուն, դպրապետներուն, երաժշտապետներուն եւ դպիրներուն հոգւոցն ի հանգիստ։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Շիրինօղլու սրահին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան, որոնց եւս հանդիսապետեց՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.։ Հանդիսութեան ընթացքին Պատրիարքական Աթոռոյ, Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի եւ Դպրաց Դասու անունով յուշանուէրներ յանձնուեցան նորաձեռնադրեալ սարկաւագներուն եւ կիսասարակաւագներուն։ Յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ նօրաօծ հոգեւորականներ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանին եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանին։ Ապա, նորաձեռնադրեալ սարկաւագները բեմ բարձրանալով իրենց սրտի խօսքերը արտանեցին ու շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր եւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ անդամներուն, որոնք արժանի տեսած էին զիրենք սարկաւագութեան աստիճանին։ Թաթուլ Ծ. Վրդ. եւս արտասանեց իր սրտի խօսքը եւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ նոր սպասաւորերը մաղթելով իրենց կարողութիւն։ Սրբազան Հօր հուսկ բանքով իր աւարտին հասաւ հանդիսութիւնը։

sargavak ferikoy