ԳԱԼՖԱՅԵԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Սկիւտարի Գալֆայեան խնամակալութեան անդամները, առաջնորդութեամբ Ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանի 12 Սեպտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Դիւանապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Առաքինազարդ Քոյր Գայեանէ Կսրկ. Տուլքատիրեան։

 

Այցելուները եկած էին շնորհաւորելու Պատրիարքական նորընտիր Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ իրենց մօտալուտ մատաղօրհնութեան ու ելմտական հարցերուն, ինչպէս նաեւ իրենց աշխատանքներուն ու այլ ծրագիրներուն մասին։

2019 KALFAYAN 1

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։