ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ ՏԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

11700912_502966579863230_2264937721660674304_oԳալֆայեան Տան խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Առաքինազարդ Քոյր Գայեանէ Տուլքատիրեանի, 22 Հոկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, յայտնեցին որ 22 Նոյեմբեր 2015, Կիրակի առաւօտ, Ս. Պատարագի մատուցմամբ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուէր Գալֆայեան Տան հիմնադիր՝ Սրբուհի Մայրապետ Գայֆայեանի, ինչպէս նաեւ Գալֆայեան ուխտի միաբանութեան հանգուցեալ մայրերու եւ քոյրերու հոգւոցն ի հանգիստ։ Պէզճեան Սրահին մէջ, պիտի սարքուէր նաեւ սիրոյ սեղան ի նպաստ Գալֆայեան Տան։ Անոնք, յայտնեցին թէ վարժարանի երթիքին տակ կը գտնուէին 74 աշակերտներ։ Վարչայիններու համար մասնաւոր ուրախութիւն էր վայելել աջակցութիւնը Քոյր Գայանէին։ Տեղեկութիւններ տուին վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին եւ կատարելի հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Արամ Արքեպս., գնահատեց Գալֆայեան Տան վարիչները եւ բոլորին յաջողութիւն մաղթեց իրենց կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։